Քանի մը օրէ ի վեր Ատրպէյճան ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ, որ` իբր թէ Հայաստանի բանակը իրենց ուղղութեամբ կրակ բացած է։
Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը հաղորդագրութիւններու միջոցով հերքեց ատրպէյճանական կողմի պնդումը, որ՝ իբր թէ Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Զինադադարը խախտելու՝ Պաքուի մեղադրանքներուն լոյսին տակ` Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը յայտարարեց, որ իրավիճակը սահմանին կը մնայ հանգիստ, արտառոց աշխուժութիւն չի նկատուիր:
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը տեղեկացուց, որ 16էն 17 Մարտին, պարեկային խումբեր ուղարկուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի զանազան հատուածներ: