Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրին գծով բանակցութիւններու աւարտին։
Մաքրոնի հետ զրոյցին ընթացքին, Փաշինեան տեղեկացուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի նախագիծի բնագիրի համաձայնեցման եւ նախագիծի բովանդակութեան համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւններու աւարտին մասին:
Անոնք քննարկեցին նաեւ Հայաստան–Ֆրանսա, Հայաստան–Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ հարաւային Կովկասի հետ առնչութիւն ունեցող այլ հարցեր:
Իրանի նախագահի կայքը կը հաղորդէ, որ Փեզեշքեան հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան շուրջ համաձայնութեան գոյացման համար եւ շնորհաւորեց երկու դրացի երկիրները եւ ժողովուրդները այս կարեւոր իրադարձութեան առիթով:
«Իրան միշտ ողջունած է շրջանին մէջ խաղաղութեան, հաշտեցման եւ կայունութեան հաստատումը, յատկապէս իր դրացիներու միջեւ` երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան պահպանումով»:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ տարածաշրջանային եւ Հայաստան-Իրան երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող այլ հարցեր: