Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ LA Fire Justice-ին նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի, 24 Մարտին, երեկոյեան ժամը 6։30էն սկսեալ, Ալթատինայի հրդեհներէն վնասներ կրած քաղաքացիներուն համար խորհրդատուական հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի «Ճիվելեկեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ
Կեդրոնին հասցէն է՝ 2242 E. Foothill Blvd., Pasadena, CA 91107։
Քաղաքացիական իրաւանց հռչակաւոր ջատագով Էրին Պրոքովիչ եւ այսպիսի աղէտներու զոհերուն աջակցութիւն ապահովելու ոլորտին մէջ մասնագիտացած իրաւաբան Տակ Պաքսըր, որ զաւակն է ծերակուտական Պարպարա Պաքսըրի, ներկայ պիտի ըլլան՝ իրենց խորհուրդները բաժնելու համար Յունուարին տեղի ունեցած աղէտէն վնասներ ստացած անհատներուն։