Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ աջակցութեան նուիրուած Եւրոպական Միութեան խորհրդաժողովը, որուն առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուեցաւ նաեւ Դամասկոսի նոր ղեկավարութեան ներկայացուցիչը։ 2017էն ի վեր կազմակերպուող այս ժողովին մասնակցեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Հասան Շիպանի։
«Սուրիոյ կողքին կանգնիլ. յաջող անցումի մը կարիքները դիմագրաւել» խորագիրով խորհրդաժողովին մասնակցեցան առաւել քան 40 երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։
Աւարտին, մասնակցողները խոստացան Սուրիոյ կարիքներուն համար 5.8 միլիառ եուրօ (6.3 միլիառ տոլար) յատկացնել։