«Համաս»ի հետ զինադադարէն ետք վերսկսած Կազայի վրայ Իսրայէլի լայնածաւալ օդային յարձակումին պատճառով, առնուազն 436 պաղեստինցիներ, ներառեալ 183 մանուկներ սպաննուեցան եւ առաւել քան 500 ուրիշներ վիրաւորուեցան: Յարձակումներուն ընթացքին նաեւ իսրայէլացի գերի մը սպաննուեցաւ եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան:
«Համաս»ը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ամբաստանեց զինադադարի համաձայնութիւնը խախտելու յանցանքով, իսկ Նեթանիահու յարձակումները հակադարձութիւն մը համարեց «զինադադարի համաձայնութեան առաջին փուլը երկարաձգելու «Համաս»ի դժկամութեան»: «Համաս»ը Իսրայէլը ամբաստանեց Կազայի վրայ նոր հարուածներու ճամբով անձնատուութեան համաձայնութիւն պարտադրելու յանցանքով: