Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ մնայուն դարձուց Շամլեան Ազգային վարժարանի գործունէութեան իրաւասութիւնը, որ նախապէս տասը տարին անգամ մը կը վերանորոգուէր։
Պատմական այս յաղթանակը ապահովելու համար, հարիւրաւոր վարժարանին զօրակիցներ՝ աշակերտներ, ծնողներ, ուսուցիչներ եւ շրջանաւարտներ ներկայ եղան Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ժողովին, վարժարանին գործունէութիւնը անխափան շարունակելու ի նպաստ արտայայտուելով։
Ժողովին առջեւ ելոյթ ունեցան առաւել քան 50 անձեր, ներառեալ՝ հեղինակաւոր համալսարաններ յաճախած կամ յաճախող Շամլեան վարժարանի շրջանաւարտներ։
Վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան ցուցաբերուած ամբողջական նեցուկին համարերախտագիտութիւն յայտնեց։
Վարժարանը նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Կլենտէյլի քաղաքապետ Էլեն Ասատրեանին եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն՝ իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան համար։ Ազգային վարժարաններու Խնամական մարմինի ատենապետ Սագօ Ուրֆալեան շեշտեց վարժարանին կենսական դերակատարութիւնը համայնքին բարգաւաճման մէջ եւ դրուատեց տնօրէնուհի դոկտ. Քարկոտորեանի եւ վարժարանի պատասխանատուներուն աշխատանքը, որ առաջնորդեց քաղաքապետական խորհուրդի վերոնշեալ որոշումին, զայն կարեւոր նկատելով ոչ միայն վարժարանին, այլ նաեւ համայնքին համար։