ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մեր առօրեայ ժամերը խլողը մեր աշխատանքը չէ՛, ո՛չ ալ այն ծրագիրները, զորս կը մշակենք, մեր կեանքը տնօրինելու համար: Գլխաւոր երեւոյթը, որ մարդկային այժմու կեանքը կը զբաղեցնէ եւ ժամեր կը խլէ՝ մտահոգուիլն է:
Մօտաւոր թէ հեռաւոր ապագայով մտահոգ մարդոց թիւը շատ աւելի է, քան անոնց թիւը, որոնք նոր ծրագիրներով, ապագայ կեանքի տնօրինումներ կը կատարեն: Չենք ուզեր անդրադառնալ առօրեային ուրիշներու կեանքով զբաղողներու, որոնք իրենց մտահոգութիւններուն մէկ մասը, յատկապէս նախանձով պարուրուած բաժինը կը տրամադրեն այդ բնագաւառին, առաւել եւս սպառելով իրենց յատկացուած կեանքի ժամանակը:
Որո՞նք են քեզ շրջապատող, կամ քեզի հետ գործ ունեցող մարդիկը: Ամէն մարդ բարեկամաբար չի՛ մօտենար քեզի: Վստահ եմ, որ յաճախ հանդիպած ես մարդոց, որոնք ուզած են քեզի հետ բարեկամութիւն մշակել: Որոշ ժամանակ մը ետք հասկցած ես, որ յատուկ նպատակ ունեցած է այս «բարեկամութեան» հաստատումը: Սակայն, մեծ տարբերութիւն կայ ասոնց եւ այն անձերուն միջեւ, որոնք ամէն ջանք կը գործադրեն իրենց սիրտին մէջ պահելու համար քեզի…։ Միշտ յիշէ՛ այսպիսի անձերը, եւ դուն եւս մի՛ մոռնար զանոնք…։
Չկայ մարդ, որ իր կեանքին ամբողջ ընթացքին իր բոլոր տեսակի փափաքներուն իրականացումը տեսնէ: Անհաշիւ եւ անսահման են մարդկային փափաքները, որոնք անոնց սիրտէն կը բխին: Երանի՜ անոնց, որոնք բաւարար չափով իրականացած կը տեսնեն իրենց միտքին մէջ գծուած երազները եւ կը վայելեն անոնց պարգեւած երջանկութիւնը:
Կեանքի կարճութիւնը արթնութեան գլխաւոր բանալին է: Առանց մտահոգուելու մտածէ, որ մեր սահմանափակ կեանքը երկար պիտի թուի, երբ գիտնանք ամէն ինչ դասաւորել, իր ժամանակին իրագործել ծրագիրներ, եւ ապահովել կեանքի երջանկութիւնը: Ահա գաղտնիքը այս կեանքը ուրախութեամբ ապրելու եւ գոհունակ սիրտով անկէ մեկնելու: Ժամանակ կորսնցնելու ամէնէն տխուր պահը քեզ չյարգող, չգնահատող եւ չարժեւորող մարդոցմով զբաղելու ժամանակ տրամադրելդ է: Անոնց մասին մտածելու առաջին իսկ վայրկեանէն պէտք է անդրադառնաս, որ ժամանակդ ի զուր կը սպառես, երբ այնքա՜ն այլ գործեր ունիս ամբողջացնելիք, այս կարճ եւ սահմանափակ կեանքի ընթացքին…։
ժամանակի կորուստ է նաեւ մտածել այն անձերուն մասին, որոնք կը վատաբանեն քեզ: Չմոռնաս այն իրողութիւնը, որ հոգեպէս գոհունակ եւ երջանիկ մարդիկ, ուրիշները չե՛ն ատեր: Ինչպէ՞ս վերլուծել այս երեւոյթը: Շատ պարզ է: Նայեցէ՛ք ձեզ ատողներուն եւ շատ արագ վերաքննութեան ենթարկեցէք անոնց կեանքը: Շուտով պիտի տեսնէք, որ անպայման պակաս մը ունին, զոր կ՛ուզեն լրացնել…։ Ձեզի նայելով, կ՛երեւակայեն նոյն կեանքը, միտքը եւ կարողութիւնը ունենալ, որոնցմէ զուրկ կը զգան իրենք զիրենք: Ուրեմն, նախ ատելութեամբ, ապա նախանձով լեցուած, կը հակառակին ձեզի, կարծելով, որ շուտով պիտի կարենան արդիւնքի մը հասնիլ: Ըսենք, որ անոնք կրնան արտաքին տեսքով արդիւնքներ ձեռք բերել, սակայն ներքին՝ հոգեկան եւ մտային տարածքը անապատային կը մնայ, ժամանակ առ ժամանակ ինքզինք յայտնելով հանրութեան: Անոնց շրջապատը, որ երկար ժամանակ խաբուած էր, արթննալէ ետք յուսախաբ եւ լլկուած մարդու կերպարանք կը ստանայ: Բախտաւոր պէտք է համարել անոնք, որոնց մարմնեղէն կեանքը աւելի շուտ աւարտուելով, կը հեռանան այս աշխարհէն, »փրկուած« ըլլալու սքեմը հագած:
Վերոյիշեալ մտածումներուն վարագոյրը դարձեալ փակելէ ետք, պէտք է անդրադառնալ եւ գիտակցիլ, որ ժամանակ շահելու համար, պէտք է ընել այն, ինչը կ՛ուզենք, այսինք մեր սիրտին փափաքն է, որ պէտք է իրականացնենք: Ուրիշներ շատ բաներ կը մտածեն մեր մասին: Նոյնիսկ կան մարդիկ, որոնք իրենց սահմանափակ խելքով կ՛ուզեն ուղղութիւն տալ իրենց շրջապատին մէջ եղողներուն: Ասոնք չեն հասկնար, որ կրնան իրենց դիմաց ելլել այնպիսիներ, որոնք շատ աւելի խելք ունին, քան իրենց աժան եւ անկարող մտային դրութիւնը:
ժամանակի կորուստներէն մէկն է նաեւ այն, երբ մեր հակակշիռէն դուրս եղող նիւթերով կը զբաղեցնենք մեր միտքը: Ասիկա է մեզի սպաննող ամէնէն սուր դանակը. պէտք չունինք մեր կարողութենէն վեր եղող հարցերուն միջամուխ ըլլալու, նոյնիսկ եթէ անոնցմէ ոմանք մեզի կը մօտենան. կարեւորը անոնցմէ հեռանալու միջոց որոնելն է, եւ ո՛չ թէ զանոնք տապալելու, կամ անոնց դէմ պայքարելու համար ռազմադաշտ իջնելը:
Իմաստուն, եւ իր կեանքը արժեւորող մարդուն համար այնքան աշխատանք կայ, որ ժամանակ չունի նուաստներու աշխատանքային օրակարգով զբաղուելու: Ժամանակդ տրամադրէ ներքին ուժականութիւնդ վերաշեշտելու, որպէսզի առաւել եւս օգտագործես զայն, կեանքդ արժեւորելու, եւ յաւիտենականութիւնդ այս կեանքի ընթացքին սկսելու…։ Նման քայլ մը կրնայ քեզ առաջնորդել, որ սկսիս հաւատալ իրագործումներուդ, որոնք պատճառ պիտի դառնան, որ նոր ստեղծագործութիւններու առիթ ընծայես:
Շրջապատիդ մէջ աչք պտըտցուր այն անձերուն վրայ, որոնք կ՛ուզեն քեզ իրենց քով պահել, դրական ներկայութիւնդ վայելելու համար, եւ ո՛չ թէ քեզ շահարկելու: Սիրոյ անկեղծ տեսակը այստեղ կը յայտնուի, երբ կեանքի փորձառութեան զտիչ մաղէն կ՛անցնի: Անկեղծ սէրը գետին չի ձգեր քեզ, ո՛չ ալ դաւաճանութեան դիմակ կը գործածէ: Այս սէրը աճելու հնարաւորութիւն ունի, եւ ոչ թէ ծերանալու եւ կնճռապատուելու:
Գիտակից սէրը կը հեռացնէ տգէտները եւ տգիտութիւնը: Այս տեսակն է, որ կը կոչուի անկեղծ սէր, որուն մասին անվերջ տողեր արձանագրեր են բանաստեղծներ եւ փիլիսոփաներ: Կեանքի Գիրքին գլխաւոր բառը սէրն է, առանց որուն աշխարհի մէջ կեանք որոնելու ժամավաճառ պիտի ըլլան մարդիկ: Գիտութիւնը բաւարար չէ այս աշխարհը կառավարելու, ո՛չ ալ զէնքը եւ զինամթերքը՝ հզօր պետութիւններ հովուելու: »Սէրն է միակ բալասանը անդնդախոր ցաւերի«, ինչպէս կը վկայէ բանաստեղծը:
Այնքան ատեն, որ դուն գիտես, թէ ո՛վ ես եւ թէ ի՛նչ բան քեզ ուրախ ու երջանիկ կը պահէ, ուրեմն կարեւոր չէ, թէ ուրիշներ ինչ կը մտածեն քու մասին: Մտահոգուելու պէտք չունիս: Ահա այս ատեն մտահոգութիւնը արձագանգ կ՛ըլլայ անորոշութիւններու եւ այլ դժուարութիւններու, սակայն կը մնայ ապարդիւն…։ Ժամանակդ խլող ամէնէն անիմաստ քայլն է մտահոգուիլը, մանաւանդ ուրիշներով. ասիկա աւելորդ բեռ մըն է ուսերուդ, զոր կրնաս շուտով վար դնել, եւ հեռանալ անկէ:
Անընդհատ մտահոգութիւնը, կեանքդ կարճցնող շարժակ մըն է: Անձիդ տկարութեան մասին ունեցած վախերդ ժխտական արդիւնք պիտի ունենան քեզի համար: Ասիկա կրնայ անուղղակի վնասել հոգեկան եւ մարմնական առողջութեանդ: Իւրաքանչիւր վայրկեան առիթ է, որ մտածես հեռանալ մտահոգութենէն, որպէսզի դուն ուրախանաս հոգեպէս, եւ միւս կողմէ, մտահոգութիւնդ կտակես քեզ ատող, ու մանաւանդ քեզ ընդօրինակող մարդոց:
Կեանքդ իր թանկագին ժամանակով սպաննելու փոխարէն, փորձէ՛ զայն կառավարել դրական կեդրոնացումներովդ: