Հակառակ ցոյցեր կազմակերպելու արգելքին՝ Պոլսոյ մէջ հազարաւոր ցուցարարներ մասնակցեցան բողոքի ցոյցերու՝ դատապարտելով քաղաքին սիրուած քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի ձերբակալութեան դէմ: Անոր դէմ արձակուած շինծու ամբաստանութիւններէն մէկը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան աջակցիլն է։
Աւելի կանուխ, Պոլսոյ համալսարանը որոշած էր Իմամօղլուի վկայականը չեղեալ համարել՝ ինչ որ կը խոչընդոտէ անոր՝ երկրի նախագահի պաշտօնին թեկնածութեան առաջադրուիլը:
Իմամօղլու Պոլսոյ քաղաքապետի պաշտօնը կը վարէ 2019էն ի վեր եւ կը նկատուի նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւոր քաղաքական մրցակիցը:
Յաջորդ նախագահական ընտրութիւններուն Իմամօղլու ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան գլխաւոր թեկնածուն էր:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պոլսոյ քաղաքապետին ձերբակալութենէն ետք, թրքական լիրան եւ գլխաւոր սակարանը յատկանշական անկումներ արձանագրեցին: