21 Մարտին եւ 24 Մարտին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսիոյ անոր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային զրոյցներ ունեցան։
Լաւրով Միրզոյեանին հաստատեց, որ Մոսկուա բարձր կը գնահատէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրի համաձայնեցման գործընթացին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը։
Ըստ ռուսական կողմին տարածած հաղորդագրութեան՝ երկու նախարարները քննարկեցին երկկողմ, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային օրակարգին վերաբերող հարցեր եւ անդրադարձան հետագայ միջպետական կապերու ժամանակացոյցին եւ բովանդակութեան:
Ըստ հայկական կողմին՝ Միրզոյեան եւ Լաւրով անդրադարձան նաեւ նախորդ շաբաթ երկու նախարարութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած քաղաքական խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներուն եւ միտքեր փոխանակեցին հետագայ ծրագիրներու շուրջ:
«Ռուսաստանի արտաքին գործերի նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ քննարկել ենք մեր երկկողմ քաղաքական երկխօսութեան առաջիկայ ներգրաւուածութիւնները: Շնորհաւորել եմ նրան ծննդեան տարեդարձի առթիւ», «Էքս»ի իր էջին վրայ, 21 Մարտի իրենց զրոյցին մասին գրած է Միրզոյեան: