
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Երկուշաբթի, 24 Մարտի երեկոյեան ֆրանսագերմանական ARTE կայանը իր «28 Վայրկեան» խորագրեալ հաղորդաշարին մէջ ներկայացուց հարաւային Կովկասի քարտէս մը, որմէ ուղղակի անհետացած էր Հայաստանը եւ անիկա փոխարինուած Ատրպէյճանով։
Այս խայտառակութեան Collectif Van կազմակերպութիւնը շատ դիպուկ եւ արդարօրէն կը հակազդէր հետեւեալ ձեւով. «Մինչ Էրտողան եւ Ալիեւ կ՛երազեն այդ մասին, ARTE-ն զանոնք արդէն կը կանխէ»։