Ողիմպիական խաղերու արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիր եւ Հայաստանի մարմնամարզութեան ազգային խումբի յառաջատար Արթուր Դաւթեան Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Աշխարհի բաժակի 3րդ հանգրուանի մրցումներուն առաջնութիւնը շահեցաւ:
Դաւթեան ախոյեան դարձաւ յենացատկի վարժութեան մէջ՝ ապահովելով 14,483 կէտեր։
Դաւթեան Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած առաջին հանգրուանի մրցումներուն եւս առաջնութիւնը շահած էր, սակայն, Հայաստանի հաւաքականը չմասնակցեցաւ երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան Պաքուի մէջ։