
Տարածաշրջանային այցելութեամբ Երեւան գտնուող Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր իր ընկերային ցանցերուն վրայ հրապարակեց Արցախի դրօշակով լուսանկար մը եւ անդրադարձաւ արցախահայութեան նիւթին:
Հրապարակման կից գրութեան մէջ նախագահը կը յայտնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը բնակեցուած էր հիմնականին մէջ հայերով:
Նախագահը 30 Մարտին հասաւ Երեւան. 2 Ապրիլին ան պիտի այցելէ Պաքու: Ասիկա Գերմանիոյ նախագահին առաջին այցելութիւնն է Երեւան եւ Պաքու:
Երեւանի մէջ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանի հետ ունեցած հանդիպումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Շթայնմայեր շնորհաւորեց Երեւանը եւ Պաքուն՝ խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին շուրջ համաձայնութեան հասնելնուն համար` նշելով, որ փաստաթուղթը կրնայ ճամբայ հարթել տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան համար:
Ընդգծելով, որ կողմերը տակաւին վերջնակէտին չեն հասած` Շթայնմայեր ըսաւ հետեւեալը. «Փափաքելի է, որ երկու կողմերը օգտագործեն այս պատեհ ժամանակը, որպէսզի երկարաժամկէտ եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատուի Հարաւային Կովկասի մէջ»:
Շթայնմայեր կոչ ուղղեց կողմերուն՝ շուտափոյթ ստորագրելու, վաւերացնելու եւ իրագործելու խաղաղութեան պայմանագիրը:
«Կը փափաքիմ, որ այս բանակցութիւններուն ուղին իր հանգրուանին հասնի, խաղաղութիւն ստեղծուի եւ կայունութիւն հաստատուի: Մենք հոս պիտի շարունակենք այդ մասին խօսիլ, նաեւ վաղը չէ միւս օրը Պաքուի մէջ մեր միւս գործընկերներուն հետ պիտի խօսինք այս մասին», յայտնեց Շթայնմայեր, որ նաեւ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին:
Շթայնմայեր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ անդրադարձաւ երկկողմ յարաբերութիւններուն։
ՊԱՔՈՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԲՈՂՈՔԱԳԻՐ ՄԸ ՅՂԵՑ
Ատրպէյճանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Ռալֆ Հարլըմանը կանչուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն: Անոր խիստ բողոքագիր մը յղուեցաւ՝ Գերմանիոյ նախագահին կողմէ ընկերային ցանցերուն վրայ Արցախի դրօշը հրապարակելուն գծով, հաղորդեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։