

25 եւ 27 Մարտին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան այցելեց Լոս Անճելըսի հայկական չորս դպրոցներ՝ «Սահակ-Մեսրոպ», «Մերտինեան», «Յովսէփեան» եւ «Մանուկեան-Տեմիրճեան»։
Դպրոցներու մուտքին, սրբազանը դիմաւորուեցաւ դպրոցներու տնօրէններուն, անձնակազմերուն եւ աշակերտութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Առաջնորդին խորհրդածութիւնները կեդրոնացան Մեծ Պահքի, աղօթքի եւ Աստուած-մարդ յարաբերութիւններուն վրայ։ Աշակերտները աշխուժօրէն մասնակցեցան երկխօսութեան, սրբազան հօր ուղղելով զիրենք յուզող հարցումները եւ մտորումները, եւ առաջնորդը պատասխանեց անոնց։


Սրբազանը պատուիրեց աշակերտներուն, որ իրենց իւրաքանչիւր օրը օգտագործեն Աստուծոյ աւելի մօտենալու եւ ճանաչելու համար, սիրելու եւ գնահատելու իրենց ծնողները եւ ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ՝ հոգ տանելու իրենց համադասարանցիներուն։
Այցելութիւններու աւարտին, դպրոցներուն տնօրէնները իրենց երախտագիտութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեցին սրբազանին՝ տասնամեակներով հայ դպրոցներուն հանդէպ ունեցած անոր հոգածութեան եւ նուիրումին համար։