
Հայաստանի սահմանային գիւղերու ուղղութեամբ կրակ բանալուն զուգահեռ, Պաքու վերսկսաւ հայկական կողմը մեղադրել իր դիրքերը թիրախ դարձնելու մէջ: Ընդ որում` Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 1 Ապրիլին արդէն պնդեց, թէ հայկական կողմը կրակ բացաւ նաեւ Սիւնիքի մարզի Խնածախի ու Խոզնավարի դիրքերէն:
Մինչդեռ Երեւան 1 Ապրիլին, դարձեալ հերքեց Պաքուի մեղադրանքները: «Ադրբեջանի ՊՆ հաղորդագրութիւնը, թէ իբր Մարտի 31ի ժամը 17:00ից մինչեւ Ապրիլի 1ի ժամը 4:45ն ընկած ժամանակահատուածում ՀՀ ԶՈՒ (Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու) ստորաբաժանումները կրակ են բացել սահմանագօտու արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան հատուածներում տեղակայուած ադրբեջանական դիրքերի ուղղութեամբ, չի համապատասխանում իրականութեանը», կ՛ըսուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Սիւնիքի մարզի սահմանային երկու գիւղերէն` Խնածախէն ու Խոզնավարէն տեղացիները արդէն առաւել քան 10 օրերէ ի վեր կը հաղորդեն ատրպէյճանցիներուն՝ կրակ բանալուն մասին: Միայն 31 Մարտին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ Ատրպէյճանի զինուժը կրակ բացած է Խնածախի ուղղութեամբ:
Մինչ ատրպէյճանական դիրքերով շրջապատուած գիւղացիները կը սպասեն, որ իշխանութիւնը քայլերու ձեռնարկէ` կանխելու համար այսպիսի դէպքեր, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց, թէ հարցին լուծումը դիւանագիտութեամբ կը տեսնէ:
Մինչդեռ Պաքու շաբաթներէ ի վեր կ՛անտեսէ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու հայկական կողմին առաջարկը: Ատրպէյճանական կողմը փաստաթուղթը ստորագրելու համար կը ներկայացնէ պահանջներ՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին լուծարումը եւ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը: