
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէին, Կիրակի, 30 Մարտի երեկոյեան, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի քօղազերծումը եւ յիշատակի երեկոն՝ առեւանգումին եւ նահատակութեան 40ամեակին առիթով, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Յակոբ վրդ. Եագուպեանի, Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գառնիկ քհնյ. Գոյունեանի, Քեպէքի երեսփոխան Սոնա Լախոյեան Օլիվիէի, Լավալի քաղաքապետարանի անդամ Սեդա Թոփուզեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու եւ ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի, Լավալի «Սարգիս Զէյթլեան» եւ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէներու անդամներու, պատկան մարմիններու եւ ուղեկից միութիւններու շրջանային ու տեղական վարչութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան մը:
Նախքան պաշտօնական ձեռնարկին սկսիլը տեղի ունեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիին քօղազերծումը, որուն ընթացքին Լավալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեան խօսք առնելով՝ ըսաւ հետեւեալը. «Այս յուշարձանը մեր հաւաքական պատուոյ տուրքն է աննկուն կամքով եւ նուիրումով օժտուած հերոսին, որ կերտուած է գանատահայ արուեստագէտ ընկեր Յակոբ Ճանպազեանի կողմէ»: Թաշճեան ապա հրաւիրեց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանը՝ փոխանցելու իր խօսքը: «Մօտաւորապէս երկու տասնամեակ առաջ, Լավալի մէջ կը հիմնուէր ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի մէկ նոր կոմիտէութիւնը։ Հիմնադրումի այդ օրերուն, որոշում կը տրուէր կոմիտէութիւնը անուանակոչելու Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ռահվիրայ եւ առաջնորդ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սարգիս Զէյթլեանի անունով։ Որոշումը տրուեցաւ, որովհետեւ, ընկեր Զէյթլեան հանդիսացած է արթուն պահակը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան եւ ազգային քաղաքական արեւելումին։ Որոշումը տրուեցաւ, որովհետեւ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի ընկերները որոշած էին հաւատարիմ մնալ իր գծած ուղեգիծին։ Որոշումը տրուեցաւ, որովհետեւ նահատակ ընկերոջ աւանդը անհրաժեշտ էր շարունակել երէկ եւ այսօր եւս։ Այսօր պատմական օր է, որովհետեւ Լավալի Հայ կեդրոնը պիտի օժտուի ընկերոջ յիշատակը յաւերժացնող կիսանդրի յուշարձանով», ըսաւ Տիմիթեան, որմէ ետք վաստակաշատ դաշնակցականներ եւ Սարգիս Զէյթլեանի հետ դժուար օրեր ապրած ու պայքարած ընկերներ Վիգէն Յովսէփեանի եւ Փիթըր Գարակէօզեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ Զէյթլեանի կիսանդրիին քօղազերծումը:


Լիբանանահայ արուեստագէտ դոկտ. Մովսէս Ծիրանի ներկայացուց կիսանդրիին հեղինակ արուեստագէտը. ան յայտնեց, թէ Ճանպազեան ոչ միայն ազգային գործիչ մըն է, այլեւ Գանատայի մակարդակին արժեւորուած եւ գնահատուած արուեստագէտ մը:
Պաշտօնական հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Գանատայի Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգերով, որուն յաջորդեց «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի խօսքը՝ ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեանի կողմէ: «Այսօր այստեղ ենք յիշատակելու նահատակութեան 40ամեակը գաղափարի մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի, որուն խօսքը ոչ միայն պատմական յիշողութեան արձագանգ էր, այլեւ ապագայի ուղենիշ այն սերունդներուն համար, որոնք չվարանեցան իրենց սեփական արիւնով գրելու մեր պատմութեան վերջին տասնամեակներու ամէնէն փայլուն էջերը, եւ որոնք տակաւին պատնէշի վրայ են նոր էջեր աւելցնելու անոնց վրայ», ըսաւ Թաշճեան, որ ապա հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Զէյթլեանի թողած աւանդին եւ իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով. «Հպարտ եմ ըսելու, որ կոմիտէս ոչ միայն կը կրէ, այլ պատիւո՛վ կը կրէ Սարգիս Զէյթլեան անունը. զայն կը կրէ՝ իբրեւ երդում, իբրեւ պարտք, իբրեւ հայութեան անսասան կամքի վկայութիւն։ Իր պատգամները մեր կողմնացոյցն են, եւ իր պայքարը՝ մեր անշեղ առաքելութիւնը»:
Ընթացքին տեղի ունեցաւ ցուցադրութիւնը տեսերիզի մը, որ կը ներկայացնէր Զէյթլեանի կեանքը, գործունէութիւնը եւ պատգամները:
Գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին հանդէս եկաւ Արազ Տունկեան՝ ասմունքելով Պարոյր Սեւակի «Անմահները Հրամայում Են» բանաստեղծութիւնը:
«Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի անդամ Քրիստափոր Միքայէլեան ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ մտաւորական, խմբագիր եւ ուսուցիչ Կարօ Յովհաննէսեանը, որ յատուկ այս առիթով հրաւիրուած էր Լիբանանէն: Ան նախ ողջունեց ներկաները ապա ըսաւ հետեւեալը. «Ընդարձակ եւ բազմակողմանի է Սարգիս Զէյթլեանի ազգային եւ կազմակերպական գործունէութիւնը: Մէկ մարդու մէջ դժուար է ունենալ նուիրեալ ուսուցիչ-մանկավարժը, անզուգական հրապարակագիր-խմբագիրը, հեռատես քաղաքագէտը, ջղուտ հռետորը, ներհուն գաղափարախօս-տեսաբանը, պատրաստուած եւ խիզախ մտաւորականը, ինչպէս նաեւ անմրցելի կազմակերպող ղեկավարը: Ու գրեթէ բոլորին մէջ ալ՝ տաղանդաւոր: Առաւել՝ նկարագիրով ուժեղ մարդը, սկզբունքի տէր անհատականութիւնը, ծառայասէր, տեսլապաշտ եւ ժողովրդակեդրոն ղեկավարը»:
Պատգամաբերը ըստ արժանւոյն անդրադարձաւ Զէյթլեանի բազմակողմանի գործունէութեան եւ անոր փոխանցած պատգամներուն՝ ըսելով. «Զէյթլեանի գրառումներէն եւ մտածումներէն շատ յստակ կը հասկնանք, որ հաւաքական ղեկավարութիւնն է բանալին մեր ներքին կազմակերպական հարցերուն, որոնց բարւոք լուծումով յարաբերաբար դիւրին է բացուիլ արտաքին աշխարհին՝ իբրեւ մէկ սիրտ, մէկ հոգի: Հաւաքական ղեկավարութիւնն է ալֆան եւ օմէկան մեր աշխատանքներու յաջողութեամբ պսակումին՝ հեռու եսամոլ եւ եսակեդրոն տրամադրութիւններէ: Սարգիս Զէյթլեան բացարձակօրէն անհատապաշտ, եսամոլ կամ եսակեդրոն չէր: Երբեք չգործեց «ինձմէ ետք ջրհեղեղ»ի մտածելակերպով: Իր եսը երբեք նժարի վրայ չդրաւ հաւաքական գործունէութեան ատեն: Մոռցաւ իր ընտանիքն անգամ: Ու կրնանք հաստատել անվարան, որ Սարգիս Զէյթլեան խորապէս հաւատաց հաւաքական աշխատանքին եւ հաւաքական գործելակերպին»:
Ապա բանախօսը իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով. «Սարգիս Զէյթլեան քառասուն տարի առաջ՝ գնաց վահանով եւ հոգեկան ու մտային ամբողջ վաստակով վերադարձաւ վահանի վրայ: Այդ հոգեկան ու մտային աշխարհէն առաւել եւս անդենական աշխարհէն քառասուն տարիէ ի վեր ան իր բամբ ձայնով մեզի կը պատգամէ՝ «Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը ամէն բանէ վեր»:
Ելոյթ ունեցաւ հանրայայտ արուեստագէտ Էլի Պէրպէրեան՝ «Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին» եւ «Վեհ Գաղափար Դաշնակցութեան» երգերու մեկնաբանութեամբ:
Աւարտին խօսք առաւ Յակոբ վրդ. Եագուպեան, որ նախ փոխանցեց Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի օրհնութիւնը եւ հայրական ողջոյնները՝ ապա ըսաւ. «Այսօր մեր ներկայութիւնը լուռ վկայութիւն մըն է. վկայութիւն այն ճշմարտութեան, որ 40 տարիներ անց Սարգիս Զէյթլեանի հոգին տակաւին կ՛ապրի։ Անոր ձայնը տակաւին կը հնչէ։ Անոր գաղափարները տակաւին կը շարժեն սերունդներ։ Զէյթլեան միայն հայրենասիրութիւն չէր քարոզեր, ան նաեւ կ՛ապրէր։ Անոր երազներէն մէկն էր՝ հզօր ու անկախ Հայաստանը, գիտակից սերունդներու դաստիարակութիւնը եւ կազմակերպուած ժողովուրդ։ Եւ այսօր մենք պարտաւոր ենք պահելու այդ նոյն ոգին»: Հայր սուրբը ձեռնարկը փակեց «Պահպանիչ»ով:
Լուսանկարները՝ Արմէն Ալեմեանի