
ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Յաճախ կ՛ըսենք եւ կամ կը լսենք, թէ «փորձը փորձանք չէ», «փորձառութիւն պէտք է ունենալ», «դաս պէտք է առնել», «ինչո՞ւ դասը չէ՞ առած» եւ կամ «ինչո՞ւ չէ օգտուած անցեալէն»…
Մտածումներ եւ խօսոյթներ, որոնք յաճախ կը կրկնենք, կը լսենք եւ կամ կը յայտարարենք մեծամտութեամբ:
Թէեւ «դաս», խրատ կամ խորհուրդ տալը շատ դիւրին է, սակայն «դաս» առնել, խրատ կամ խորհուրդ ըմբռնելն ու ընդունիլը՝ յաճախ շատ դժուար եւ երբեմն նոյնիսկ՝ անկարելի է:
Այսօ՛ր, մե՛նք եւ մեր ազգը կը գտնուինք յար եւ նման պարագայի մը դէմ յանդիման: Հարց կու տանք մենք մեզի, թէ «ինչո՞ւ դաս չենք առած անցեալի մեր ձախողութիւններէն եւ կամ կորուստներէն եւ կամ տկարութիւններէն… ինչո՞ւ»:
Սերունդներ շարունակ նոյն բանը տեսած եւ անցած են, այսօր «հերթը մերն է» մտածելու, թէ ինչո՞ւ մե՛ր մեծերը, մե՛ր «ղեկավար» մեծերը, մե՛ր «բանիմացները», մեր քաղաքագէտները, «ազգին պատասխանատու»ները, մենք ու մերոնք… ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ բոլորը կը մեղադրեն անոնց՝ «մեղաւոր»ներուն, սակայն բացի «ինք»ը եւ կամ «իրենք», որ միակ «անմեղ»ները կը համարուին, ըստ իրենց, որ ինք եւ իր նմանները յարատեւ լո՛կ «մեղադրող»ներ են եւ ոչ «մեղադրեալ»ներ, եւ երբ յաճախ կը կրկնուին իւրաքանչիւրին խօսքին մէջ, թէ «Ա՛ն» կամ «Անո՛նք» չկրցան պէտք եղածը ընել…«անոնք» սխալ էին…«անոնք» մեծ սխալներ գործեցին, մեղաւոր են, ամբողջ մեղքը «իրենց» վրայ է…:
Իսկ, հարց կու տանք, ԴՈ՞ՒՔ, (եզակի) եւ ԴՈ՛ՒՔ ( յոգնակի) ի՞նչ ըրիք: Այսինքն, գոյութիւն ունէր անհրաժեշտ բան մը, որ պէտք էր լաւագոյնս կատարուէր, սակայն «անոնք» չկրցան եւ կամ չի փորձեցին.. . իսկ «դո՞ւք», դուք փորձեցի՞ք ձեզի բաժին ինկածը ընե՞լ, թէ՞..: Այժմ, ո՞վ, որո՞ւ եւ ովքե՞ր, որո՞նց կը մեղադրեն եւ կամ կը դատապարտեն: Յար եւ նման շատ մը ցաւոտ հարցադրումներ կը տարածուին յաճախ ամէնուրեք: Իսկ հարցը այսօր, որո՞ւ եւ որո՞նց կը պատկանի, հանապազօրեայ փնտռտուք մըն է, որ կը տարուի… եւ տակաւ մինչ օրս, ո՛չ մէկ յստակացում:
Վերջապէ՛ս, պէտք է ընդունիլ, որ մեղքը եւ մեղաւորի պիտակը՝ չափով մը «անոնց», «մեզ»ի եւ ազգովին «բոլորիս» կը պատկանի:
Յաճախ կը յոխորտանք մեր մեծերու «մեծամիտ» բայց եւ ճիշդ ժամանակին մտածուած եւ ըսուած ազնիւ մտքերով եւ խորհուրդներով, երբ հպարտօրէն կ՛արտասանենք «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է» եւ այդպէս ալ…Ո՛չ տեսանք նմանը եւ ո՛չ իսկ ունեցանք նմանատիպը…եւ ընդհանրապէս, ժողովուրդն իսկ այլակերպեցաւ եւ դարձաւ անհետաքրքիր, անտարբեր եւ երբեմն իսկ անզգա՛յ: Ինչո՞ւ․ հարցումը գիտեմ, սակայն պատասխանը՞, դեռ ո՛չ… եւ կը ցաւիմ ու կ՛ափսոսամ… յարատեւ մտածելով՝ «Ո՜վ հայ ժողովուրդ… ի՞նչ եղաւ մեզի, եւ ինչո՞ւ.., իսկ ո՞ւր ենք հիմա ազգովին…»:
Հարցը երկար ատեն պիտի մնայ հարց՝ եթէ ինչո՞ւ-ներու պատասխանները չպրպտենք եւ կամ չփորձենք հասկնալ եւ ապա ընդունիլ:
Եւ ահաւասիկ իրապաշտ պատասխան մը, որովհետեւ ազնիւ եւ արժանաւոր զիջում եւ կամ հաւաքական ուժ ստեղծելու կամեցողութիւնն ու պատրաստակամութիւնը երբե՛ք եւ երբե՛ք չունեցանք եւ կա՞մ… հազար ափսո՜ս, երբե՛ք չուզեցինք ունենալ, որովհետեւ նախընտրեցինք յարատեւ «զոհ»ի զիջումներով գոյատեւել, երբ ատենօք մերժուած էին անցեալի մեր նուիրեալ նախահայրերէն, եւ որ տակաւ կը մերժուի ներկայ սակաւաթիւ բայց եւ արժանաւոր նուիրեալներէն։ Իսկ այժմ, յարատեւ «զիջում», գոհացում տալով ամբարիշտին, մեզ շահագործող եւ կամ սպառնացող բիրտ ու բարբարոս ուժի՞ն… շատ ցաւոտ է իմանալ, թէ վա՞խ է, թէ՞ ամօթալի անկարողութիւն․ զոյգ պարագաներուն, կը խրտչիմ մտածելէ եւ առաւել եւս հաւատալէ նման մտածումի մը…: Եւ այսպէս, ժամանակի ընթացքին յաջորդաբար վտանգաւոր աւանդոյթ մը դարձաւ՝ «մեծամիտ» եւ անտարբեր ու ապազգային մեր ղեկավարներուն եւ անոնց շրջապատող ու անոնց թմբկահարող կոյր «զօրակիցներուն»:
Վերջապէս, կը փորձեմ անուն տալ այս անընդունելի վիճակին՝ դժկամութի՞ւն, ապազգայնացո՞ւմ, ձախողութի՞ւն, թէ՞ կորուստ:
Եւ կը հաւատամ, որ եղածը պէտք է անուանել՝ մե՜ծ մեղք եւ մե՜ծ կորո՛ւստ:
Մեղքը՞, մեծ բաժինը անոնց է, մե՛րն է եւ «բոլո՛ր»իս անխտիր:
Եւ վերջապէ՛ս, առ այսօր, մեր ստեղծած ու տարածած մեղքը մեր բոլորին խղճին վրայ ծանրացած «արժանի» պատիժը պէտք է դառնայ եւ դարձաւ կարծես:
Անկարողութի՞ւն, թէ՞ դժկամութիւն.. ցա՞ւ, թէ՞ ամօթ…ինչ որ ալ ըլլայ դրդապատճառը, միեւնոյնն է, երկուքը ՄԵ՛Րն են եւ այս խաժամուժին մէջ նոյնիսկ կարելի չէ արդարացումներ փնտռել ու գտնել, որովհետեւ արաբական ասացուածքը կ՛ըսէ. «Մեր թաղը նեղ է, եւ մենք զիրար լաւ կը ճանչնանք»:
Անցեալէն եւ օտարէն, կամ թշնամիէն մեզի հասած ցաւին, կոտորածին ու կորուստին համար ըսած ենք ու տակաւ կ՛ըսենք. «Այսքան չարիք, թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»։
Հապա, եթէ՞ չարիքը մե՛նք ենք, եթէ՞ մե՛նք մեր միջեւ չարիք կը տարածենք, այն ատեն աններելի մեղք եւ արարք կը համարուի, որուն համար ամօթի զգացումն իսկ, բաւարար չէ․․․ այլեւ կորուստը անսահման ափսոսանք եւ ցաւ կը համարուի:
Ազգին հաւատացողներն ու ազգին նուիրեալները, անցեալին խոր հաւատքով ըսած ու շեշտած են անձնական իրենց փորձով եւ իրենց հանապազօրեայ երգեցողութեամբն իսկ՝ «օտարէն մեզ ֆայտա չկայ», որ կրկնեցին տարիներով, երգեցին ու երգեցին եւ իրենց անգնահատելի նուիրումով եւ կեանքի գնով ի՛սկ պաշտպանեցին իրենց սուրբ հողն ու ազգը, սրբազան հայրենիքն ու իրենց համար անկորնչելի ազգային արժանապատուութիւնը…:
Հիմա ո՞ւր հասած ենք, ո՞ւր կ՛ուզենք հասնիլ եւ ինչպէ՞ս պիտի շրջանցենք այս շա՜տ խճճուած ներկան..:
Այսինքն, «կոխկրտե՞լ» պատմական արժէքներն ու ազգային արժանիքները եւ «յառաջանալ» թշնամական ախորժակներո՞ւ հիման վրայ եւ կամ անոնց առթած թշնամական թակարթներո՞վ շղթայուած:
Քաջ եղէ՛ք եւ ըսէ՛ք, թէ « ձեր» զղջումները անսահման եւ անհամար են, որ ծանրացած են ձեր վրայ եւ ամօթը կը խեղդէ եւ կամ պիտի խեղդէ ձեզ օր մը՝ ձեր իսկ հաւանական խիղճը արթնցնելով… որ աւա՜ղ, արդէն շա՜տ ուշ կրնայ ըլլայ:
Հարցը մեծ, ցաւը խորն է:
Հարցումները անթիւ անհամար, պատասխաններ կան ու չկան:
Ինչպէ՞ս մտածել… մեղադրե՞լ թէ՞ յուսահատիլ:
Սակայն, արժէ անգամ մը եւս մտածել, թէ հա՛րկ է չյուսահատիլ, այլ ցաւն իսկ ապրելով, բարի նոր նպատակներով նոր ելքեր փնտռել, ինչպէս նաեւ ազգային եւ պետական նոր ծրագիրներ մշակել եւ իրագործել, առ այդ, նախաքայլը գծել եւ անյապաղ ընթացք առնել:
Վերջապէ՛ս, պէ՛տք է…եւ անյապաղ պէ՛տք է:
Հաւատալով, որ յոյսը վերջինն է, որ կը մեռնի՝
Ինչպէս ֆրանսացի բանաստեղծ Շարլ Պոտլէր ըսած է՝
«Պայքարը եւ ըմբոստութիւնը միշտ ունին որոշ չափով՝ յոյս,
մինչ յուսահատութիւնը՝ համր է»: