2006ին Մոնթենեկրոն հանրաքուէ մը կազմակերպեց եւ բաժնուեցաւ Սերպիայէն։ Չեքոսլովաքիոյ բնորդին հետեւումով իրականացած պալքանեան այս «աւշեայ բաժանումը» տագնապ չստեղծեց, միջազգային մամուլը հազիւ թէ անդրադարձաւ իրադարձութեան։ Սլովաքիոյ եւ Մոնթենեկրոյի նման փոքր երկիրներ իրենք զիրենք բախտաւոր պէտք է զգան, որ աշխարհաքաղաքական հաշուարկումներու մէջ յարաբերաբար լուսանցքային կարեւորութիւն ունին։ Որքան որ հեռու ըլլան մեծապետական մրցադաշտէն, այնքան աւելի կրնան կեդրոնանալ իրենց ներքին խնդիրներուն, առաջնահերթային նկատել տնտեսական ու հասարակական զարգացման մարտահրաւէրները փոխանակ ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին սպառնիլիքի դէմ պաշտպանուելու մասին մտահոգուելու։
Փետրուար 17ին իր անկախութիւնը յայտարարած Քոսովոյի պարագան նոյնը չէ։ Հակառակ որ ոչ ոքի համար անակնկալ մը եղաւ այդ, Քոսովոն երկկողմանի մակարդակով սերպ-ալպանական առճակատում է, շրջանային մակարդակով եւրոպական գործընթացի ներքին հակասութիւններու դրսեւորում է, եւ միջազգային մակարդակով ուժական քաղաքականութեան արտայայտութիւն է։ Այս բոլորը չի նշանակեր, որ Քոսովոյի անկախութիւնը կրնայ ետդարձ ունենալ։ Ընդհակառակը, Քոսովոյի ՄԱԿին անդամակցութիւնը որպէս 193րդ անդամ միայն ժամանակի հարց է, նոյնիսկ եթէ ան աւելի երկար տեւէ, քան ինչ որ նորանկախ երկրի նախագահ Հաշիմ Թաչի կը կարծէ, ի մասնաւորի Ռուսիոյ, եւ հաւանաբար Չինաստանի, վէթոներու առկայութեան։ Բայց այդ մէկը Քոսովոյի պարագան «իւրայատուկ» չ’ըներ, ինչպէս համոզուած կը թուի ըլլալ «Նիւ Եորք թայմզի» սիւնակագիր Ռաճըր Քոհէն թերթի 14 Փետրուարի համարին մէջ իր ստորագրած ակնարկին համաձայն։ Ինչ կը վերաբերի ե՛ւ ԱՄՆի, ե՛ւ Եւրոպական միութեան պատասխանատուներու պնդումներուն, թէ տարածաշրջանի անջատումը Սերպիայէն նախընթաց չ’ստեղծեր Եւրոպայի տարածքին, թէ այլուր առկայ տարածաշրջանային անլոյծ վէճերուն համար, ինչպէս յայտարարեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէր արձագանգ հանդիսանալով Եւրոպական միութեան 26 անդամներու հրապարակած միացեալ հաղորդագրութեան, ապա եւ այդ քաղաքական կամքը աւելի շուտ ներեւրոպական անհամաձայնութիւններու փարատման ճիգ է եւ ոչ անպայման առարկայական հաստատում մը։ Նախընթացը ստեղծուած է եւ դժբախտաբար բարացուցական է պայթունավտանգ կացութեան մը, որ յաջորդ տարիներուն պիտի յատկանշէ նոյնաբնոյթ տագնապները Եւրոպայի տարածքին, Կովկասի մէջ, Միջին Արեւելքի եւ մինչեւ իսկ Հարաւային Ամերիկայի։
Քոսովոյի պարագային «իւրայատկութիւնը» կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ անկախութեան գործընթացը 17 տարիներու անցեալ ունի։ Հիւսիսային ատլանտեանի ուխտի 1999ի զինուորական միջամտութիւնը, որ, փաստօրէն, եղաւ ընդդէմ սերպերուն այն հիմնաւորումով, որ Պելկրատ պատասխանատու էր տարածաշրջանին մէջ ալպանացիներու ցեղային մաքրագործումին եւ օրին տակաւին ողջ նախագահ Սլոպոտան Միլոսեւիչի ազգայնամոլ քաղաքականութիւնը հարցի երկկողմանի խաղաղ լուծման ամէն դուռ փակած էր։ Առանց ՄԱԿի արտօնութեան տեղի ունեցած այդ միջամտութիւնը սպասելիօրէն թարգմանուեցաւ որպէս սերպերու պարտութիւն։ Այդ օրէն ի վեր թէեւ օրինականօրէն տակաւին Սերպիոյ մաս կազմող Քոսովոն իրականին մէջ ապրեցաւ տէ ֆաքտօ անկախութիւն մը միջազգային հովանաւորութեան ներքեւ։ Որքան, որ սադրանքային տեսութիւն թուի, սակայն սխալ չէ ենթադրել, թէ արեւմտեան դաշնակիցներուն մօտ Քոսովոյի անկախութեան շուրջ լուռ համաձայնութիւն մը արդէն առկայ էր։ Այս իմաստով, ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ ֆինլանտացի Մարթթի Ահթիսաարիի 2007ի տեղեկագիրը, որ կը յանձնարարէր Քոսովոյին շնորհել «միջազգային հովանաւորութեան ներքոյ անկախութիւն» այդ լուռ համաձայնութիւնը ճիշդ բանաձեւելու եւ միջազգային ինչ որ օրինականութիւն տալու ճիգն էր միայն։ Այդուհանդերձ, ինչպէս ծանօթ է, Ահթիսաարիի տեղեկագիրը չյաջողեցաւ իրարու մօտեցնել Ապահովութեան խորհուրդի անդամները։ Ռուսիա քիչ անգամ կասկած ձգեց, որ եթէ հարցը սեղանի վրայ դրուի իր վէթոն պատրաստ էր, եւ Չինաստան շատ հեռու չէր այդ կեցուածքէն։ Ինչ որ հետեւաբար Փետրուար 17ին եւ անոր յաջորդող օրերուն տեղի ունեցաւ պէտք է ընկալուի որպէս Արեւմուտքի ինքնապարտադրումը, որուն դէմ յանդիման Ռուսիա, եւ նուազ Սերպիա, Քոսովոյի անկախութիւնը չճանչնալէ բացի ուրիշ շատ բան չեն կրնար ընել։ Այո, ՄԱԿն է, որ որպէս միջազգային օրինականութեան չափանիշ կը վարկաբեկուի, բայց այդ մէկը հազիւ թէ նորութիւն է։
Ի՞նչ կրնայ թելադրել Քոսովոյի անկախութեան գործընթացը տարածաշրջանային այլ տագնապներու համար ընդհանրապէս եւ յատկապէս Կովկասի պարագային։ Հետեւեալ նկատողութիւնները կարծես իրենք զիրենք կը պարտադրեն առ ի նկատառում իւրաքանչիւր տագնապի պարագայ առանձին քննարկելու ժամանակ։
Առաջին, երբ երկու ազգային հաւաքականութիւններ չեն կրնար իրարու հետ խաղաղաբար ապրիլ, հողային բաժանումը կը դառնայ անխուսափելի, եւ նախընտրելի՝ որպէս երկու չարեաց փոքրագոյնը։
Երկրորդ, «թաւշեայ անջատումները» դեռեւս կը մնան բացառութիւն, պատերազմն է որ կացութիւններ կը ստեղծէ, հետեւաբար տարակարծիք ու հակամարտ կողմերը պէտք չէ անտեսեն ուժերու հաւասարակշռութեան գործօնը որպէս քաղաքականութեան բնորոշիչ ազդակ։
Երրորդ, Քոսովոյի եւ Կովկասի մէջ այսպէս կոչուած «անջատողական» տագնապներու, իմա՛՝ Արցախ, Աբխազիա եւ Հարաւային Օսէթիա, հիմնական տարբերութիւնը այն է, որ մինչ օտար միջամտութիւնը, այս պարագային՝ ՆԱԹՕն, սերպ-ալպանեան առճակատման արդիւնքին որոշիչ ազդակ եղաւ, այսինքն՝ սերպերը պարտուեցան ՆԱԹՕի գերակշիռ ուժերէն՝ ոչ թէ ալպանացիներէն, Կովկասի մէջ զինեալ առճակատումներուն արդիւնքը հետեւանք էր երկկողմանի բախումներու։ Արտաքին միջամտութիւնը, այս պարագային՝ Ռուսիան, իր անդրադարձը ունենալով հանդերձ, շատ հեռու էր որոշիչ ազդակ ըլլալէ, շատ հաւանաբար թերեւս նոյնինքն Մոսկուայի որոշումով որուն ետին կրնայ ըլլալ ե՛ւ քաղաքական հաշուարկում, ե՛ւ, ինչպէս Չէչէնիան ցոյց տուաւ երբ կովկասեան ճակատներուն վրայ զինադադարը արդէն հաստատուած էր, պարզապէս անկարողութիւն։
Չորրորդ, եւ որպէս հետեւանք նախապէս բանաձեւուած երեւոյթին, մինչ արեւմտեան դաշնակիցները ՆԱԹՕի միջամտութեան նախօրեակին գրեթէ համաձայն էին Քոսովոյի անկախութեան, այն շատ հաւանաբար դիտելով որպէս Պալքաններուն մէջ ռուսական ազդեցութեան չէզոքացման միջոց, Մոսկուա երբեք յստակօրէն չդիրքորոշուեցաւ Աբխազիոյ, Հարաւային Օսէթիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերով, նախընտրելով զանոնք գործածել որպէս խաղաքարտ, ճնշման միջոց ե՛ւ ԱՄՆի եւ Եւրոպայի հետ իր յարաբերութիւններուն, ե՛ւ, մանաւանդ, տարածաշրջանին մէջ իր ազդեցութեան գօտին պահելու համար։
Հինգերորդ, հակառակ Փութինի օրերուն Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան ազդեցիկութեան որոշ վերականգնման, Պաղ պատերազմի յաղթական եւ աշխարհի միակ գերհզօր պետութիւն ԱՄՆի բաղդատած, Մոսկուա հեռու է Արեւմուտքի հետ իր մրցակցութեան ընթացքին կացութիւններ ստեղծելու կարողութենէն։ Ի մասնաւորի, երբ ռուսական տնտեսութեան աճը կարեւոր չափով կախեալ է Արեւմուտքի հետ իր համագործակցութենէն։
Վեցերորդ, նոյնիսկ եթէ Մոսկուա վերագտնէ միջազգային կացութիւններ ստեղծելու իր երբեմնի կարողութիւնը, Հայաստանի նման իրեն ռազմավարական դաշնակիցի նկատմամբ իր վերաբերումը, ուր կայսերական անցեալի առնուազն ոճը հազիւ թէ դիւանագիտականօրէն քօղարկուած է, միշտ ալ կասկածի արդիւնք պիտի տայ։ Այս իմաստով, անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ մտաբերել, որ երբ Փութին Քոսովոյի անկախութեան դէմ արտայայտուելով կը խօսէր անոր անդրադարձներուն մասին, կը մէջբերէր Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ օրինակները։ Ան երբեք չնշեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։
Ի բացակայութիւն դեռեւս ինչ որ օրինական չափանիշի, որ այսպէս կոչուած «անջատողական տագնապներ»ուն լուծման ընդհանուր ուղղութիւն մը տայ եւ գերազանցէ միջազգային իրաւունքի տակաւին անլոյծ հակասութիւնը հողային ամբողջականութեան եւ ազգային ինքնորոշման միջեւ, իւրաքանչիւր տագնապ իր «իւրայատկութիւնը» պիտի ունենայ։ Հարցը այն է, որ այդ «իւրայատկութիւնը» երբեք պիտի չյաջողի նախընթաց ստեղծելու յատկանիշէն զերծ ըլլալու։ Կը մնայ մտածել այդ նախընթացներու բանաձեւումին մասին։
(*) Խ. Տէր Ղուկասեան քաղաքական գիտութեանց դասախօս է Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ ծանօթ հրապարակագիր: