
Գեղարքունիքի 88 գիւղերը կը դիմագրաւեն կրթական եւ տնտեսական լուրջ մարտահրաւէրներ՝ բռնութիւն, գործազրկութիւն, կրթութեան ցած մակարդակ, յատկապէս՝ կիներու մօտ, ինչպէս նաեւ սեռով պայմանաւորուած յղիութեան ընդհատումներ։
«Դէկավվա» բարեգործական հիմնարկի «Հարեհաս» զարգացման ծրագիրին շնորհիւ, Գեղարքունիքի 88 գիւղերուն մէջ 6 տարուան ընթացքին պիտի գործադրուին մինչեւ 176 համայնքային ծրագիրներ, իսկ կիներուն մինչեւ 60 տոկոսը պիտի ունենայ աշխատանքի եւ անվճար կրթութեան կարելիութիւն՝ Armenian Code Academy-ի մէջ։
Այս հարցերը լուծելու համար, «ռեԱրմէնիա» հարթակին մէջ մեկնարկած է «Հարեհաս» դրամահաւաքի ծրագիրը, որ արդէն իսկ հաւաքած է 10.8 միլիոն դրամ՝ 2 գիւղերու համար։
ՃԿՈՒՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ՝ ՅԱՐՄԱՐԵՑՈՒԱԾ ԱՄԷՆ ԳԻՒՂԻ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ
Իւրաքանչիւր գիւղի դասընթացքը պիտի կազմուի առանձին՝ հիմնուելով տեղական հարցերու վրայ։
Հարցերը պիտի բացայայտուին գիւղապետարաններու եւ գիւղացիներու հետ համագործակցութեամբ։
Պիտի մշակուին կրթական դասընթացքներ եւ գործարար ծրագիրներ, որոնց վերահսկողութիւնը պիտի կատարուի խորհրդատուներու կողմէ՝ յաջորդող 3 տարիներուն ընթացքին։
Իւրաքանչիւր գիւղի մէջ պիտի իրականացուի 3 ամսեայ խտացուած դասընթացք մը՝ զանազան մարզերու մասնագէտներու հետ։
Պիտի տրամադրուի անվճար կրթութիւն՝ Armenian Code Academy-ի համագործակցութեամբ։
Շահառուներու հետ պիտի պահպանուի մշտական կապ։
«Հարեհաս» ծրագիրին մէջ պիտի կիրարկուին նաեւ Վալդորֆեան եւ քննադատական մանկավարժութեան հիմնադիրներ Ռուտոլֆ Շտայներու եւ Փաուլօ Ֆրէյրիի մեթոտները։
ԾՐԱԳԻՐԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԵՐԸ
– 7 Մարտէն ի վեր, Զովաբեր գիւղին մէջ սկսած է ծրագիրը․ 30 կիներ կը մասնակցին կրթական դասընթացքներու։
– Prof Glass ընկերութեան տնօրէն Գագիկ Մեսրոպեան հայելիներ նուիրած է Զովաբեր գիւղի «Անի» պարային համոյթին։
– Նուիրատու տիկին մը՝ կանանց միամսեակին առիթով, 30 զովաբերցի կիներու նուիրած է գեղեցկութեան սրահի նուիրատոմսեր։
– 30 զովաբերցի կիներ իրենց նուէրէն 7000ական դրամ նուիրած են «Հարեհաս»ին, որպէսզի միւս գիւղերու կիները եւս կրթուին։
Միացէ՛ք՝ միասին տարածենք մեր ազդեցութիւնը Գեղարքունիքի մնացած գիւղերուն մէջ։
Ծրագիրին ծանօթանալու եւ աջակցելու համար այցելել կայքէջը:
(Հաղորդագրութիւնը՝ «Հարեհաս»էն)