
4 Ապրիլին, Մոնթրէալի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքեց «Ասպարէզ»ի երկար տարիներու աշխատակից, վաստակաւոր բժիշկ, հեղինակ եւ դասախօս բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան։
«Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ եւ շքանշանակիր՝ ան կանոնաւոր կերպով յօդուածներ կ՛առաքէր հայ մամուլին։
Յատկանշական է, որ անցեալ ամիս, ան արդէն Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակին նուիրուած մեր բացառիկ թիւին համար իր յօդուածը պարտաճանաչ կերպով առաքած էր մեզի, նաեւ սկսած էր Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ իր կողմէ նոր յայտնաբերուած հայ բժիշկներու կենսագրութիւնները յղել։ Հետաքրքրականօրէն, 4 Մարտին, մեր կայքին վրայ լոյս տեսած անոր վերջին յօդուածը արցունքի եւ արցունքի գեղձերուն մասին էր…
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան մասնագէտ եւ գիւտարար բժիշկ-վիրաբոյժ էր։ Ան ծնած եւ ուսումնական առաջին հանգրուանները բոլորած էր Հալէպի մէջ, ապա հետեւած էր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկագիտութեան ճիւղին:
Բժշկութեան ասպարէզին կողքին, եւ համաչափ ներդրումով, ուսանողութեան տարիներէն սկսեալ մասնակցութիւն բերած է հայութեան հասարակական կեանքին. ան գործած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի, ապա նաեւ Գանատայի Ազգային առաջնորդարանի անդաստաններուն մէջ՝ վարելով պատասխանատու պաշտօններ։ Ան մշակոյթին նուիրուած անձնաւորութիւն մըն էր եւ անդամակցած էր Համազգայինի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններուն։
Ան լոյս ընծայած էր «Բժիշկին Խօսքը» խորագրեալ շարքի 7 հատորները, ինչպէս նաեւ «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին», «Յիշատակութեան Արժանի Հայ Բժշկուհիներ Պատմութեան Ընթացքին», «Յիշատակարան Բժիշկի Կեանքէս», «Համով-Հոտով Եւ Լեղի Յուշեր», «Բժշկական Ծառայութեան Դաշտէն Անդին» եւ այլ հատորներ։
Այս առիթով, «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը եւ անձնակազմը խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնէ բժիշկ Հարպոյեանի հարազատներուն, մօտիկ պարագաներուն եւ բարեկամներուն։