
Քաղաքին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Քալիֆորնիոյ Ճատրակի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի մէջ։
29 Օգոստոսէն 2 Սեպտեմբեր տեղի ունենալիք մրցաշարքը կը կազմակերպուի Ամերիկեան ճատրակի վարժարանի, Կլենտէյլի քաղաքապետութեան, Քալիֆորնիոյ ճատրակի միութեան եւ dot818-ի կողմէ։
Կ՛ակնկալուի, որ Կլենտէյլի Embassy Suites պանդոկին մէջ տեղի ունենալիք մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերեն մօտաւորապէս 500 ճատրակի վարպետներ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը կամ դիմել AmericanChessAcademy@gmail.com հասցէին։