
Հայկական Կրթական Բարեսիրական միութեան (ՀԿԲՄ) Կրթանպաստներու յանձնախումբը սկսած է համալսարանական ուսանողներէ 2025-2026 տարեշրջանի կրթանպաստներու դիմումները ընդունիլ։
Մինչեւ 2000 տոլարի կրթանպաստներ պիտի յատկացուին արժանի ուսանողներու, որոնք կ՛ամբողջացնեն հետեւեալ պայմանները.
– Դիմողները պէտք է հայկական ծագում ունենան։
– Արձանագրուած պէտք է ըլլան քառամեայ վարկաւորուած համալսարանի մը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։
– Ունենան նուազագոյնը 3.5 GPA։
– Դիմողները պէտք է ըլլան գործունեայ հայկական կազմակերպութիւններու մէջ եւ պատրաստ՝ ծառայելու հայ համայնքին:
Պայմանները լրացնող ուսանողները կրնան այցելել կայքէջը` յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ դիմումնագիրներ ստանալու համար։
Դիմումները պէտք է ներկայացուին առցանց կամ նամակատան միջոցաւ մինչեւ 30 Յունիս 2025։
Նամակով դիմումները պէտք է ուղարկուին AEBU Scholarship Committee, 1060 N. Allen Ave. Pasadena, CA 91104 հասցէին։
Նաեւ կարելի է հեռաձայնել (626) 344-7321 թիւին՝ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար։
Նպաստները կը յատկացուին մրցակցային հիմքերով եւ ստուգումներէ ետք: Կրթանպաստի արժանացած ուսանողներու անունները պիտի յայտարարուին առցանց` մինչեւ 31 Յուլիս, իսկ յանձնման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 25 Օգոստոսին։
ՀԿԲՄը հիմնուած է 1969ին խումբ մը նուիրեալներու կողմէ, որոնք հաւատացած են հայազգի ուսանողներուն օգտակար դառնալու առաքելութեան՝ հաւատալով, որ կրթանպաստները կարեւոր ներդրումներ են երիտասարդներու կրթութեան, որպէսզի անոնք կարենան կերտել աւելի փայլուն ապագայ մը:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։
ՀԿԲՄը Քալիֆորնիոյ մէջ հաստատուած բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է եւ ունի ոչ-շահութաբեր section 501 (c) (3) Internal Revenue Code. Tax ID # 95-3796531 կարգավիճակ: