
5 Ապրիլին, Համազգայինի «Արիս Սթամպօլեան» կեդրոնին մէջ, Մեծ Պահքի եւ Ս. Զատկուան աւանդական հայկական խոհանոցը լուսարձակի տակ առնուեցաւ։
Համազգայինի Աւանդոյթներու միաւորին կողմէն կազմակերպուած այս ձեռնարկը ներկաներուն ցուցադրեց չիրով բրինձ փիլաւի, նիւիկի, խոշաֆի, Զատկուան «Չօրէկ»ի, բանջարով պէօրեկի եւ ոսպով քիւֆթէի բաղադրատոմսերը եւ պատրաստութեան ձեւերը։ Ապա այս ճաշատեսակները հրամցուեցան ներկաներուն, որոնք բարձր գնահատեցին հայկական այս համեղ ուտելիքները։
Պատրաստութիւնները ներկայացուցին Ռիթա Արապեան, Յասմիկ Տուզճեան, Հուրի Տուզճեան, Նունէ Անմահունի եւ Սեդա Սիմոնեան։ Ալին Պզտիկեան Շիրաճեան, իր կարգին, մերթ ընդ մերթ ներկայացուց աւանդական ծիսակատարութիւնները եւ սովորութիւնները Մեծ Պահքի, Ծաղկազարդի եւ Ս. Զատիկի հետ կապ ունեցող։
Սրահը զարդարուած էր Գարնան, Զատկուան, ինչպէս նաեւ հայկական ձեռարուեստի իրերով, գորգերով, խնոցով՝ ստեղծելով մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտ մը ախորժաբեր ճաշերու բուրմունքին զուգահեռ։
Աւանդոյթներու միաւորը նախապէս նախաձեռնողը եղած է այլազան ձեռնարկներու, որոնցմէ կարելի է թուել՝ հայկական ձեռագործներու եւ ձեւարուեստի նուիրուած աշխատանքները եւ հայկական տօներու նուիրուած 16 բաժիններէ բաղկացած տեսերիզներու շարքին պատրաստութիւնը, որուն առաջին վեց հատը արդէն աւարտած է եւ կարելի է դիտել «Եութուպ»ի վրայ։
(Թղթակցութիւնը՝ միաւորէն)