8 Ապրիլին, Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ շարունակուեցաւ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի շինծու դատավարութիւնը: Նշենք, որ նախորդ նիստին հարցաքննուած էին առաւել քան 20 «տուժողներ»:
Ռուբէն Վարդանեանին մասին գրած է «Պի.Պի.Սի.»ն՝ յայտնելով. «Ան Հայաստանի ամէնէն հարուստ անձերէն մէկն է, սակայն անոր միլիոնները հիմա այնքան ալ օգուտ չունին, որովհետեւ անոր կը սպառնայ ցմահ բանտարկութիւնը»։ Թերթը կ՛ըսէ, որ Վարդանեանի եւ 15 հայ առաջնորդներու հարցը ներառուած չէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրին մէջ:
«Պի.Պի.Սի.»ն կը տեղեկացնէ, որ 56ամեայ Վարդանեանի դէմ ներկայացուած են 42 «մեղադրանքներ»` ահաբեկչութենէն մինչեւ ռազմական յանցագործութիւններ։ «Դատարանին մէջ առնուած լուսանկարին մէջ կ՛երեւի, որ անոր ճակատին կապտուկներ կան. այնտեղ հնչեցին խոշտանգումներու մասին մեղադրանքներ, որոնք հերքուեցան Ատրպէյճանի կողմէ: Պաքու կը պնդէ, որ բանտարկութեան ընթացքին Վարդանեանի իրաւունքները կը յարգուին: Ասիկա ողբերգական անկում է մարդու մը համար, որ իր հարստութիւնը վաստակած է Ռուսիոյ մէջ եւ ժամանակին կապեր ունեցած է նշանաւոր անձերու հետ, ինչպէս՝ Ճորճ եւ Ամալ Քլունիները», կը յայտնե «Պի.Պի.Սի.»ն՝ աւելցնելով. «Համախոհները կը վախնան, որ անոր գործը պիտի մնայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեւաւորուած պատմական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստուերին մէջ: Մանրամասնութիւնները տակաւին պիտի հրապարակուին, սակայն պաշտօնատարները կ՛ըսեն, որ բնագիրի նախագիծը չի ներառեր դատավարութեան մէջ գտնուող բանտարկեալներու հարցը կամ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայերուն` իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը: Բանտարկեալներուն մասին չյիշատակելը երկրին մէջ եւ անկէ դուրս յարուցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան նկատմամբ խիստ քննադատութիւն»։