Հայաստանի ըմբշամարտի դաշնակցութիւնը յայտարարեց, թէ Ըմբշամարտի համաշխարհային դաշնակցութեան եւրոպական խորհուրդը Եւրոպայի տարուան լաւագոյն ըմբիշը ընտրած է Ողիմպիական խաղերու ախոյեան, ինչպէս նաեւ երկու արծաթ եւ մէկ պրոնզ մետալներ նուաճած, 4 անգամ աշխարհի ախոյեան, եօթը անգամ Եւրոպայի ախոյեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանը։
Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի տարուան լաւագոյն մարզիչը ընտրուած է Հայաստանի վաստակաւոր մարզիչ եւ ազգային խումբի մարզիչ Արմէն Պապալարեան: