

Գարնանամուտը իր հետ կը բերէ տօներ, որոնք իրենց կարգին կը յիշեցնեն հայկական աւանդական սովորութիւններ եւ ծիսակատարութիւններ։
Տեառնընդառաջը, Բարեկենդանը, որոնց կը յաջորդէ Մեծ Պահքը, Միջինքը, Ծաղկազարդը եւ Ս. Զատիկը տօնական հիանալի երանգներով կը գեղեցկացնեն մեր մշակոյթը։
Ահա շուտով կը հասնի Ծաղկազարդը, իր իւրայատուկ աւանդութիւններով։
Այսօր Ծաղկազարդը քրիստոնէական մեծ տօն մըն է, սակայն ինչպէս մեր շատ մը այլ տօները, ան ունի հեթանոսական արմատ։
Բնութեան զարթօնքի տօն մը ըլլալով, ժամանակին Ծաղկազարդը կոչուած էր նաեւ ծառզարդար, ուռիկոտրուկ, կամ ծաղկունակ եւ կապուած ծառի պաշտամունքի հետ։
ին ժամանակ այս տօնը նուիրուած էր նաեւ ջուրի եւ անձրեւի չաստուածուհիին՝ Նարին, որ անձրեւ ղրկած է ժողովուրդը երաշտէն ազատելու համար։ Սակայն քրիստոնեայ աշխարհը այս տօնը փոխարինեց եւ համապատասխանեց Յիսուսի Երուսաղեմի մուտքին հետ։
Ծաղկազարդը նաեւ մանուկներու օրհնութեան օր է։
5էն 11տարեկան փոքրերը ժամանակին կ՛երգէին՝ «Ընկերս գնաց ծովը ծառով, գնաց ինկաւ ծովը, ծովէն ելաւ արեւը»։
Երիտասարդ զոյգերու համար ալ մեծ նշանակութիւն ունէր Ծաղկազարդի տօնը։ Հին սովորութիւն մըն էր ուռենիի ճիւղերով մատանի շինելը։ Այն մայրը, որ ունէր որդի, ուռենիէ շինուած մատանի կը նուիրէր իր ապագայ հարսնցուին։ Կը պատրաստէին նաեւ Կենաց ծառը՝ ուռենիի ճիւղերով։ Ծաղկազարդին օրհնուած ծառի ոստերը տուն բերելու աւանդոյթը կը պահուի մինչև մեր օրերը։ Հին ատեն, օրհնուած ոստերը կը պահէին որպէս չարխափան։ Կը կախէին տան պատերէն, որպէսզի տնեցիք յաջողութիւն ունենան, կը կախէին խնոցէն, որ կաթը իւղոտ ըլլար եւ զիրար կը հարուածէին ըսելով. «Մէջքը տեղը, կամքը տեղը»:


Մեր տօներուն հետ կապուած են նաեւ որոշ ճաշատեսակներ, որոնք անպայման պէտք էր հրամցուէին։ Քառասուն օրերու պահեցողութենէն ետք, երբ կը հասնէր Ս. Զատիկը, եօթը փետուրներով պատրաստուած Ակլատիզը կը տանէին ու կը նետէին գետը ու կ՛ըսէին․ «Ձմեռն անցաւ, գարունն եկաւ,
Պասը գնաց, ուտիսն եկաւ,
Քաշուի, կորի,
Զատիկն եկաւ»:
Սովորութիւն է մեզի համար Ս. Զատիկին պատրաստել չիր ու չամիչով, լաւաշի մէջ փաթթուած բրինձ փիլաւ, ձուկ՝ առատ կանաչեղէնի հետ, գինի եւ գաթա, իսկ հաւկթախաղի համար՝ կարմիր ներկուած հաւկիթներ։
Փիլաւի մէջի չամիչները կը խորհրդանշէին քրիստոնեաները, որոնք իրենց մաքուր հոգիով պիտի տարածեն իրենց հաւատքը եւ աշխարհը սպիտակ գոյնի նման ջինջ եւ անաչառ պիտի դարձնեն։
Իսկ Զատկուան կարմիր հաւկիթները, ըստ միջնադարեան փիլիսոփաներու՝ Գրիգոր Տաթեւացիի եւ Յովհաննէս Երզնկացիի հետեւեալն է․
– Հաւկիթը՝ տիեզերք։
– Կեղեւը՝ երկինք։
– Սպիտակը՝ ջուր։
– Դեղնուցը՝ երկիր։
– Կարմիր գոյնը՝ Յիսուսի արիւնը, որ պատած է աշխարհը։
– Հաւկթախաղը՝ հինը նորին հետ փոխարինելը։
Մեր հայկական ծէսերն ու աւանդութիւնները այնքան բազմաթիւ են, որ կարելի չէ քանի մը տողերու մէջ ամփոփել։
Շուտով Ս. Զատիկն է, հետեւաբար չմոռնանք շնորհաւորել բոլոր անոնց, որոնք Յարութիւն անունը կը կրեն եւ շնորհաւորենք Յարութեան տօնը յայտնելով․
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի»։