Արդարադատութեան փոխնախարար Տիգրան Դադունց կառավարութեան նիստէն ետք, պատասխանելով լրագրողներու հարցումին, որ արդեօք Սահմանադրութեան նախաբանը պիտի փոխուի՞՝ ըսաւ, թէ ներկայիս, Սահմանադրութեան նախաբանի փոփոխութեան հարց չի քննարկուիր, եւ որովհետեւ Սահմանադրութիւնը իրաւական-քաղաքական փաստաթուղթ է, իրաւական առումով եւս Սահմանադրական դատարանը առնուազն գործող Սահմանադրութեան գծով այդ հարցին պատասխանած է:
«Եթէ իրաւական տեսանկիւնից ենք նայում, Սահմանադրական դատարանն իր վերջին որոշմամբ այս հարցին պատասխան տուել է՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ եղել է մեկնաբանութիւն՝ Անկախութեան հռչակագրի դրոյթները որեւէ կերպ չեն խանգարում Սահմանադրութեան մեկնաբանութեանն ու կիրառութեանը», ըսաւ Դադունց, որ անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ՝ նոր Սահմանադրութիւնը պէտք է ունենայ տարածաշրջանային նշանակութիւն՝ աւելցուց. «Ճիշդ չեմ համարում մեկնաբանել վարչապետի խօսքերը, բայց կարծում եմ՝ խօսքը նրա մասին էր, որ մենք պէտք է ունենանք Սահմանադրութիւն, որը կասկածի տակ չի դրւում հանրութեան կողմից լեգիտիմութեան (օրինականութեան) առումով ու քանի որ Սահմանդրութիւնը իւրաքանչիւր պետութեան, պետականութեան հիմքն է հանդիսանում, սա նաեւ բերում է իր տարածաշրջանային հետեւանքներին»: