
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Չորս Աւետարաններն ալ կ՛արձանագրեն Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքին՝ խաչելութենէն եւ յարութենէն քանի մը օր առաջ, որ կը կոչուի «Յիսուսի Յաղթական Մուտքն ի Երուսաղէմ»: Արեւմտեան եկեղեցիներ զայն կը կոչեն «Արմաւենիի Կիրակի» որովհետեւ այդ օրը զինք ողջունող ամբոխը արմաւենիի ճիւղերով կը դիմաւորէր զինք: Մեր ժողովուրդը պատմական այս դէպքը կը կոչէ «Ծաղկազարդ», քանի որ Հայաստան արմաւենիներէ զրկուած ըլլալուն համար, հայ ազգը ուզած է գարնանային ծաղիկներով ոգեկոչել անոր յաղթական մուտքը Երուսաղէմ:
Իրազեկ այն իրողութեան որ ան իր երկրաւոր կեանքին վերջաւորութեան հասած էր, Յիսուս անգամ մը եւս կը հաստատէր, թէ ինք եւ իր բերած սիրոյ եւ փրկութեան աւետարանը լրումն էր դարերէ ի վեր կատարուած Հին Ուխտի մարգարէութիւններուն:
Այսպէս, այդ յիշատակելի օրը, Յիսուս գիտակցաբար կը կատարէր իր ծնունդէն հինգ դար ապրած Զաքարիա մարգարէին մարգարէութիւնը՝ «Մեծապէս խայտա՛, ո՜վ Սիոնի աղջիկ, ցնծութեամբ գոչէ, ո՜վ Երուսաղէմի աղջիկ, ահա թագաւորդ քեզի կու գայ: Ան արդար է, ու Փրկիչ, հեզ է, եւ իշու վրայ հեծած, իշու ձագի՝ աւանակի վրայ» (Զաքարիա 9.9):
Երուսաղէմի արուարձանէ մը փոխ առնուած իշուկի մը վրայ նստած, անթագ ու հեզ «թագաւոր»ը մուտք կը գործէր մայրաքաղաք: Զատկուան առթիւ Երուսաղէմ ժամանած ուխտաւորները, որոնք միշտ անկախութեան երազով լեցուած էին, շուտով միացան իր աշակերտներուն, որոնք իրենց հանդերձները փռած էին անոր առջեւ: Արմաւենիի ճիւղերով կը դիմաւորէին զայն՝ աղաղակելով․ «Ովսաննա՛, օրհնեա՜լ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով: Օրհնեա՜լ է մեր Դաւիթ հօր թագաւորութիւնը: Ովսաննա՛ ի բարձունս» (Մարկ. 11.9-10):
Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի շքերթին մէջ կային զանազան մարդիկ, որոնց մէջ Յիսուսի այս մուտքը տարբեր տրամադրութիւններ եւ դիրքորոշումներ ստեղծեց: Հոն էին, օրինակի համար, Յիսուսի աշակերտներն ու հետեւորդները, որոնք ի տես այդ սրտառուչ պահուն, «ուրախութեամբ եւ բարձրաձայն կը գովաբանէին զԱստուած այն բոլոր հրաշքներուն համար որ տեսեր էին» (Ղուկ. 19.37):
Ուրիշներ՝ ակնկալութիւններ ունէին: Յովհաննու աւետարանը կը գրէ․ «Մեծ բազմութիւն մը որ եկած էր տօնին․ երբ լսեց, թէ Յիսուս կու գայ Երուսաղէմ, առաւ արմաւենիի ոստեր, դուրս ելաւ զայն դիմաւորելու եւ կ՛աղաղակէր․ «Ովսաննա՛ օրհնեալ է Իսրայէլի թագաւորը, որ կու գայ Տիրոջ անունով» (Յովհ. 12.12-13): Այդ մարդիկը քաղաքական ակնկալութիւններ ունէին: Յիսուսի մէջ կ՛ուզէին տեսնել «մեսիան»ն, որ պիտի ըլլար քաղաքական եւ զինուորական «փրկիչը» գերուած հրեայ ազգին: Այդ մեսիան պիտի ազատագրէր իր ժողովուրդը օտար բռնակալներու լուծէն, պիտի հռչակէր անկախութիւն եւ պիտի վերահաստատէր Դաւիթի երբեմնի փառաւոր թագաւորութիւնը: Ատոր համար, անոնք «Ովսաննա» կ՛աղաղակէին, որ կը նշանակէ «փրկէ՛ մեզ, կ՛աղաչենք քեզ»: Ատոր համար է որ անոնք արմաւենիի ճիւղերով, (որ Մակաբայեցւոց շրջանին (Ն.Ք. 168-63) ազգային ազատութեան խորհրդանիշն էր), կը դիմաւորէին «Իսրայէլի թագաւորը»:
Առաջին Ծաղկազարդի այդ օրը կային նաեւ մարդիկ, ինչպէս «փարիսեցիներէն ոմանք», որ կը քննադատէին պատահածը: Անոնք Յիսուսին կ՛ըսէին․ «Վարդապե՛տ, յանդիմանէ քու աշակերտներդ» (Ղուկ. 19.39): Անոնց մտավախութիւնը այն էր, որ այսպիսի ցոյց մը օրուան քաղաքական տիրող իրավիճակը խախտող սպառնալիք մը կրնար համարուիլ եւ իր յոռի հետեւանքները կրնար ունենալ, կրնար ազդել նոյնիսկ իրենց իրավիճակին եւ խախտել իրենց գոյավիճակը…:
Այսօր ալ Յիսուսի գալուստը մարդոց կեանքին մէջ զանազան դիրքորոշումներ կը ստեղծէ: Ոմանք ալ շահադիտական նկատումներով, մինչ ուրիշներ սպառնալիք մը կը նկատեն անոր ներկայութիւնը…:
«Մեծապէս խայտա՛, ո՜վ Սիոնի աղջիկ, ցնծութեամբ գոչէ ո՜վ Երուսաղէմի աղջիկ, ահա թագաւորդ քեզի կու գայ»… Բայց ի՞նչ տեսակ թագաւոր… Ո՞ւր էին անոր թագն ու ծիրանին, զինեալ բանակը: Քանի մը օր ետք, երբ այս անզէն թագաւորը ձերբակալուած կը բերուէր կուսակալ Պոնտացի Պիղատոսի առջեւ, ան ամբաստանեալն կը հարցնէր․ «Դու՞ն ես հրեաներու թագաւորը»: Յիսուս հարցումով մը կը պատասխանէր անոր ըսելով․ «Ասիկա դուն քեզմէ՞ կ՛ըսես, թէ ուրիշները ըսին քեզի՝ իմ մասիս»: Ապա, Յիսուս կը յայտարարէր․ «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ … ես այս նպատակով ծնած եմ եւ այս նպատակով աշխարհ եկած՝ որպէսզի վկայեմ ճշմարտութեան համար․ ո՜վ որ ճշմարտութենէն է, կը լսէ իմ ձայնս» (Յով. 18.34-37):
Յիսուս անզէն ու անթագ, բայց յաղթական թագաւոր է …: Թագաւոր մը, որուն թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ: Թագաւոր մը, որուն թագաւորութիւնը սուրի վրայ հիմնուած չէ, այլ սիրոյ վրայ։ Թագաւորութիւն մը որ աշխարհագրական բնոյթ չունի, այլ սրտերու եւ հոգիներու վրայ հաստատուած թագաւորութիւն մըն է: Անոր զէնքն ու զրահը սէրն ու ծառայութիւնն են, անոր բանակը՝ Աւետարանի սուրբ դատին նուիրուած Քրիստոսի հետեւորդներն են:
Յիսուս յաղթական թագաւոր է, որովհետեւ ան հոգիով անպարտելի մնաց ի հեճուկս մեղաւոր մարդոց հալածանքին, նախատինքին, չարչարանքին եւ խաչին…: Յաղթական թագաւոր, որուն նկարագիրը անթեքելի մնաց իր սրբազան առաքելութեան նկատմամբ…: Յաղթական թագաւոր, որ չեղաւ մարդահաճոյ, այլ Աստուածահաճոյ…: Յաղթական թագաւոր, որ չազդուեցաւ, չշլացաւ մարդոց «ովսաննա»ներէն, ոչ ալ վախցաւ, վհատեցաւ ու սարսափեցաւ «խաչէ՛, խաչէ՛ զայն» խօսքերէն…: Յաղթական թագաւոր, որ չհաւատաց «Ձայն բազմաց՝ ձայն Աստուծոյ» ժողովրդական առածին, այլ հաւատարիմ մնաց իր աստուածային կոչումին եւ դատին մինչեւ ի մահ:
Այսօր, Յաղթական թագաւոր՝ Յիսուս Քրիստոսը, իր հետեւորդներէն կ՛ակնկալէ ապրիլ յաղթական կեանք, իր կեանքի օրինակին հետեւելով: Աշխարհի փրկութիւնը Քրիստոսով յաղթական կեանք ապրողներէն պիտի գայ:
Օրհնեալ ըլլան անոնք, որոնք Յաղթական թագաւորին անունովը հանդէս կու գան՝ «Ովսաննա, ի բարձունս»…: