Վարչականօրէն Ատրպէյճանի կցուած, բայց աշխարհագրականօրէն անկէ ամբողջութեամբ անջատ Նախիջեւանի բնակչութիւնը կ՚ապրի միւս ատրպէյճանցիներէն տարբեր կեանք մը։ Այստեղ ինքնավար հանրապետութիւնը ունի աւելի կարգապահութիւն, քան՝ մայր երկիրը, սակայն կը տառապի արտագաղթէ եւ չքաւորութենէ։
Նոյնիսկ դժուար է Նախիջեւան հասնիլը։ Ատրպէյճանէն Հայաստանի տարածքով բաժնուած՝ անիկա վերջին 16 տարիներուն ուղղակի հողային կապ չունի երկրին մնացեալ տարածքին հետ։ Դէպի Նախիջեւան միակ ճանապարհը Պաքուէն օդային ուղին է։ Ուստի, օդանաւի տոմս գնողներու շարքը երկար է Հայտար Ալիեւի անուան օդակայանին մէջ։
Ըստ 1999ի մարդահամարին, Նախիջեւան ունի 370 հազար բնակիչ, որուն մեծ մասը իրականութեան մէջ կ՚ապրի Պաքուի կամ դրացի Թուրքիոյ մէջ։ Արդէն գիշերուան ժամը իննին Նախիջեւան քաղաքի փողոցները կը դատարկուին։
Նախիջեւանի պետական համալսարանի ուսանող Իլքար Հիւսէյնով կը բացատրէ. «Երիտասարդներ կը վախնան գիշերը փողոց իջնելէ, իսկ ոստիկանութիւնը փակած է գիշերային թէյատուները։ Իշխանութիւնը արգիլած է նաեւ աղջիկ-տղայ հրապարակաւ պտտիլը, կամ աղջիկներուն՝ կարճ փէշ հագնիլը»։
Նախիջեւանի փողոցները եւրոպական քաղաքներու նման մաքուր են։ Ասոր պատճառը այն է, որ խորհրդային օրերէն մնացած սովորութեամբ մը, քաղաքացիները իրենք մասնակից են հանրային պարտադիր աշխատանքներու, որոնցմէ՝ փողոցներու մաքրութիւնը։ «Մուսաւաթ» կուսակցութեան անդամ Եուսիֆովի համաձայն, բժիշկներ, ուսուցիչներ եւ ուրիշներ կը մաքրեն փողոցները կամ կը խնամեն ծառերը։ Իսկ եթէ մերժեն աշխատիլ, կրնան պատժուիլ, որովհետեւ հրահանգը կու գայ Վասիֆ Թալիպովէն։ Ան Նախիջեւանի խորհրդարանի նախագահն է եւ շրջանին իրողական ղեկավարը։
«Ան հանրապետութիւնը կը նկատէ իր անձնական կալուածը, այդ պատճառով ալ կը կոչուի Նախիջեւանի խանը», կ՚ըսէ բժիշկ մը։ Ան յաճախ խիստ հրահանգներ կ՚արձակէ. օրինակ՝ արգիլած է շէնքերու պատշգամներէն լուացք կախելը կամ հին ինքնաշարժով քաղաք մտնելը, քաղաքին արտաքին տեսքը պահպանելու համար։
«Այժմու դաժան վարչակարգը Նախիջեւանը վերածած է Թիւրքմէնիստանի», կ՚ըսէ թաքսիի վարորդ մը՝ ակնարկելով Կեդրոնական Ասիոյ ամէնէն բռնատիրական երկրին։
Սակայն կառավարութեան կողմնակից քաղաքագէտներ կ՚ըսեն, թէ զօրաւոր իշխանութիւնը արդարանալի է։ «Մայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Ֆազալ Ակամալի կ՚ըսէ, թէ «Թալիպովի կարծր վարչակարգը կարելի չէ մեղադրել։ Շրջանը շրջապատուած է Հայաստանով. քաոս կը տիրէ, եթէ զօրաւոր թաթը չիշխէ»։
Տնտեսութիւնը այլ հարց մըն է. նախիջեւանցիք կը յուսան, որ կասպեան քարիւղի եկամուտներէն մաս մը կը հասնի իրենց։ Մինչ այդ, կեանքը դաժան է։
Միւս կողմէ, աշխատուժը արտագաղթի ճամբան բռնած է։ Շարուրի շրջանի Վեյճէ եւ Կարկուն գիւղերը ամբողջութեամբ պարպուած են։ Անոնց բնակչութիւնը անցած է թրքական Իգդիր քաղաքը։
Ընդդիմադիր Ժողովրդավարական բարեկարգումներ կուսակցութեան ղեկավար Փ. Ռաճապով կ՚ըսէ, թէ Նախիջեւանի իսկական բնակչութիւնը մարդահամարին ցոյց տուած պատկերին կէսն է։ «Անգործութեան պատճառով այսօր միայն 150-170 հազար մարդ մնացած է հանրապետութեան մէջ։ Մենք երեւան հանած ենք, որ շուրջ 50 հազար հոգի Շարուր նահանգէն այսօր կ՚ապրի Պոլսոյ եւ Իգդիրի մէջ։ Յիշեցնեմ, որ պաշտօնական մարդահամարը կ՚ըսէ, թէ Շարուրի մէջ 120 հազար մարդ կ՚ապրի», կ՚ըսէ ան։
Սակայն Նախիջեւանի նահանգային կառավարութեան բանբերը կը պնդէ, թէ արտագաղթի ալիքը սանձուած է եւ մարդիկ այսօր սկսած են վերադառնալ։ «Գործի կարելիութիւնները բազմացած են, ինչ որ առիթ կը ստեղծէ գործարար մարդոց վերադարձին: Վերջին երկու տարիներուն 200 փոքր ընկերութիւններ սկսած են բանիլ շրջանին մէջ», կ՚ըսէ ան։
Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Ֆազիլ Քազանֆարօղլու կը հաւատայ, որ շրջանը տնտեսական կարողականութիւն ունի. «Անկարելի է չնկատել ինքնավար հանրապետութեան ընկերային կեանքի բարելաւումը, մայրաքաղաք Նախիջեւանի գեղեցկութիւնը։ Սակայն պէտք է ըսեմ, որ այս բարելաւումը մարդոց գոհ չի պահեր կարծէք», կը յայտնէ ան։
Նախիջեւանի բարգաւաճման գլխաւոր արգելքը մեկուսացումն է։ Իշխանութիւնները կ՚ուզեն զարկ տալ զբօսաշրջութեան, որ խորհրդային շրջանին բարգաւաճ էր։ Պաթապաթ, Պատամլը եւ Վանանդ հանգստավայրերը Հայաստանի սահմանակից ըլլալով՝ պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ խուսափին անոնցմէ։
Քաղաքական կեանքը սառած է Նախիջեւանի մէջ։ Ատրպէյճանի անկախ կամ ընդդիմադիր թերթերը չեն վաճառուիր Նախիջեւանի կրպակներուն մէջ։ Փոխարէնը, անոնք կը փոխանցուին ձեռքէ ձեռք։ Իսկ եթէ Նախիջեւանի ղեկավարները ժխտական լոյսի տակ ներկայացուին, իշխանութիւնները կ՚արգիլեն թերթերուն ցրւումը։ Քննադատական բովանդակութեամբ թերթ վաճառողը կրնայ բանտարկուիլ մինչեւ 15 օր։
«Ընդդիմութիւնը ձեւակերպութիւն է, միջազգային կազմակերպութիւնները գոհ պահելու համար։ Անոր արգիլուած է ոչ միայն ցոյց ընել, այլեւ՝ հրապարակաւ ելոյթ ունենալ։ Անոնք իրենց հանդիպումները գաղտնի ոստիկանութեան ներկայութեան կը կայացնեն», կ՚ըսէ «Մուսաւաթ» կուսակցութեան անդամ է. Քատիմով։
«Ինսթիթիւթ Ֆոր Ուոր Էնտ Փիս Ռիփորթինկ»