Մոսկուա դարձեալ զգուշացուց Հայաստանի իշխանութիւնները, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ ԵԱՏՄը անկարելի է համատեղել:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին շեշտեց, որ Երեւան ուշ լամ կանուխ պէտք է այս երկուքին միջեւ ընտրութիւն կատարէ ։
«Իզուեսթիա»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Կալուզին յայտնեց, որ այս երկու միութիւնները տարբեր մաքսային կարգաւորումներ ունին եւ անոնք տարբեր տնտեսական կառոյցներ են: «Առ այդ, հայ գործընկերները, թերեւս, պէտք է որոշ փուլի մը կողմնորոշուին` ո՛ր ուղղութեամբ կ՛ընթանան՝ Եւրոպական Միութեան համարկուելո՞ւ, թէ կը շարունակեն մնալ եւրասիական համարկման ծիրին մէջ, որ ակնյայտօրէն առաւելութիւններ կու տայ Հայաստանի բնակչութեան», յայտարարեց Կազուլին, ըստ որուն, եթէ Երեւան շարունակէ եւրոպական ուղին հետեւանքները պիտի չուշանան:
«Եթէ Հայաստան երթայ եւրոպական ընտրութեան ուղիով, այդ առարկայականօրէն պատճառ պիտի դառնայ ԵԱՏՄի գործընկերներուն հետ ներկայի տնտեսական յարաբերութիւններու վերանայման: Հաւանաբար, անիկա բաւական ցաւագին գործընթաց մը պիտի ըլլայ, որոնց կարգին, դժբախտաբար, Հայաստանի բնակչութեան համար: Մենք ոեւէ մէկուն որեւէ բան չենք պարտադրեր, բայց, թերեւս, տրամաբանական է ենթադրել, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը պիտի բացատրէ իր բնակչութեան, թէ ի՛նչ պիտի կորսնցնէ երկիրը՝ դուրս գալով Եւրասիական տնտեսական միութենէն»:
Նախազգուշացնող այս յայտարարութիւններէն առաջ եւ ետք Կալուզին մէկ առ մէկ ներկայացուց տնտեսական վերջին ցուցանիշները` Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնքը վերջին տարիներուն տեսանելի աճ արձանագրած է՝ ԵԱՏՄի համագործակցութեան շնորհիւ, իսկ Ռուսիոյ հետ առեւտրական շրջանառութիւնը անցեալ տարի աւելցած է` հասնելով շուրջ 12 միլիառ տոլարի:
«Այսօր Եւրոպական Միութեան առանձին երկիրներու հետ Հայաստանի առեւտրական շրջանառութիւնը անգամներով աւելի քիչ է, քան` Ռուսիոյ հետ, առանց խօսելու տակաւին այն մասին, որ Եւրոպական Միութիւնը անթաքոյց թշնամական քաղաքականութիւն կը վարէ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից ու առանցքային տնտեսական գործընկեր Ռուսիոյ նկատմամբ», պնդեց Կալուզին, որ շեշտեց, թէ Հայաստան մինչեւ հիմա Եւրասիական տնտեսական միութեան որեւէ կառոյցէ դուրս չէ եկած: «Հայաստան մեր ռազմավարական դաշնակիցն է, մենք կապուած ենք բազմադարեայ ընդհանուր պատմութեամբ եւ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին յաղթանակով, որուն 80ամեակը, յոյս ունիմ, մենք միասին պիտի նշենք»։