
ՄԱՐԻԷԹ ՕՀԱՆԷՍ

Շաբաթ, 5 Ապրիլին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան Մշակութային գործադիր եւ Տիկնանց յանձնախումբերուն՝ տեղի ունեցաւ ընտանեկան գիշեր մը՝ Միջինքի տօնակատարութեամբ:
Երեկոն սկսաւ Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի բարի գալուստի խօսքով. ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սիմոն Աճըիլաչին՝ անոր տարած աշխատանքին համար, միութեան յանձնախումբերը վերակազմաւորելու գծով, ան նաեւ շնորհաւորեց նորընտիր վարչական կազմերը: Ապա ան տեղեկութիւն տուաւ հետագայ ձեռնարկներուն մասին՝ հետեւեալ կարգով. 27 Ապրիլին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 110 րդ տարելիցի ոգեկոչում դոկտ. Աննա Ալեքսանեանի հետ, 8 Յունիսին՝ տեսաժապաւէնի ցուցադրութիւն փրոֆ. Թաներ Աքչամի հետ, նաեւ երկու գինեձօներու ձեռնարկներու մասին, նախկին պոլսահայ լրագրող Գէորգ Պիւյիւք Յակոբեանի երկու հատորներուն եւ պոլսահայ նշանաւոր գրող, հրապարակախօս, հասարակական-քաղաքական գործիչ Գէորգ Եազըճեանի՝ Սիրան Սեզայի (Սիրան Զարիֆեան Քիւփէլեան) մեծարժէք արխիւին մասին:
Ապա ան հրաւիրեց միութեան Հոգաբարձութեան նորընտիր ատենապետ Բարունակ Չէլիքեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախ միութեան Ընդհանուր ժողովի ատենապետ Սիմոն Աճըիլաչին, որուն ջանքերով վերակազմուեցան սոյն յանձնախումբերը։ Ան նաեւ շեշտեց, թէ միութեան այսպիսի վերանորոգ զօրաշարժով կը գիտակցինք, թէ միութեան վերականգնումին համար ինչ զօրութիւն կը ներկայացնեն մեր երիտասարդները եւ մենք իբրեւ միութեան նախկին անդամներ, նաեւ հիմնադիր անդամներ (որոնց անունները թուեց մէկ առ մէկ) եւ երիտասարդութիւն, ինչ փոխադարձ պարտաւորութիւններ ունին իրարու եւ մեր սիրելի միութեան հանդէպ:
Հրաւիրուեցաւ նաեւ Գործադիր յանձնախումբի նորընտիր նախագահ Հերման Չելիքը, որ հաստատեց Հոգաբարձութեան ատենապետին խօսքերը՝ աւելցնելով, թէ երիտասարդութիւնը պարզապէս միութեան ապագան չէ, այլ միութեան ներկան իսկ է: Ուրեմն մենք ոչ միայն պէտք է առաջնորդենք երիտասարդները՝ այլ մանաւանդ վստահինք անոնց։
Ներկաները ճաշակեցին Միջինքի համեղ ճաշերը՝ ընկերային ջերմ մթնոլորտի մը մէջ:
Շուրջ 60 մասնակցողներու ներկայութեամբ մտերմիկ գիշերը ճոխացաւ զուարճալի պատմութիւններով եւ զանազան խաղերով:
Տեղի ունեցան նաեւ հարցում-պատասխանի խաղեր եւ յաղթողները նուէրներ ստացան:
Իսկապէ՛ս յաջող գիշեր մըն էր այդ գիշերը, որ տեղի պիտի չունենար առանց միութեան անդամներուն եւ համակիրներուն թափած ջանքերուն:
Յոյս ունինք, որ ձեզի կը հանդիպինք մեր յաջորդ ընտանեկան ձեռնարկներուն: Շնորհակալութիւն բոլոր ներկաներուն: