Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Պաշտպանութեան հարցերու եւրոպական յանձնակատար Անտրիւս Քուպիլիւսի քննարկեցին պաշտպանութեան եւ ռազմաարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ երկկողմ համագործակցութեան հեռանկարները:
Ըստ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակի հաղորդագրութեան՝ Գրիգորեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ պաշտպանական եւ ռազմական արդիւնաբերութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները եւ այդ ոլորտի առաջնահերթութիւնները:
Իր կարգին, Քուպիլիւս մանրամասն կերպով ներկայացուց պաշտպանութեան եւ ռազմական արտադրութեան ոլորտին մէջ Եւրոպական Միութեան առաջնահերթութիւնները եւ անոնց ծիրին մէջ մշակուած ռազմավարական հայեցակարգերէն բխող գործողութիւններու ծրագիրը:
Գրիգորեան գոհունակութիւն յայտնեց Խաղաղութեան եւրոպական գործիքակազմին միջոցով Հայաստանին տրամադրուած օժանդակութեան վերաբերեալ` կարեւոր համարելով զայն երկրի դիմադրականութեան բարձրացման համար։