15 Ապրիլին, Ազգային ժողովին մէջ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան, ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութենէն ազատած կնոջ մը եւ անոր զաւակին սեւ ու սպիտակ լուսանկարը եւ Արցախէն բռնագաղթած հայ կնոջ մը գունաւոր լուսանկարը` նոյնպէս կուրծքին իր զաւակը սեղմած՝ ըսաւ, որ Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, մենք կրկնեցինք ցեղասպանութեան պատկերները, այս անգամ, ուղղակի` անոնց գունաւորները ունեցանք:
Ան ըսաւ, որ վերջինը տեղի ունեցաւ, որովհետեւ թշնամին դարձաւ «կիրթ ու կառուցողական» եւ Հայաստանի մէջ որդեգրուեցաւ թշնամիէն եկող սպառնալիքի նուազեցման քաղաքականութիւնը եւ այդ ուղերձը յղուեցաւ հանրութեան:
«Հիմա էլ այդ նոյն քաղաքական ուժը, որն Ադրբեջանից եկող սպառնալիքն էր մեղմացնում, նոր սպառնալիք է գտել մեր ժողովրդի համար ու այդ սպառնալիքը, ո՛չ աւել, ո՛չ պակաս, Արարատ լեռն է», ըսաւ Վարդանեան` նկատել տալով, որ, ըստ իշխանութիւններուն, եթէ երկար նայինք Արարատին եւ մեր ինքնութիւնը կապենք Արարատին` Թուրքիան պիտի ջղայնանայ եւ պիտի յարձակի Հայաստանի վրայ:
Ըստ Վարդանեանի` իշխանութիւնները կ՛ուզեն ջնջել անցեալը, որպէսզի կառավարեն ապագան:
Նկատել տալով, որ Իշխանութիւնները այդ մասին կը խօսին անմեղ հարցերու ճամբով, բայց չեն պատասխաներ այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակի յանձնաժողով չկայ՝ ըսելով, թէ ասիկա իրենց առաջնահերթութիւններուն մէջ չէ:
Վարդանեան հարցուց, թէ այդ պարագային ի՞նչ է «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնահերթութիւնը` թուրք-ատրպէյճանական պահանջներու բաւարարո՞ւմը:
«Ցեղասպանութիւնը չկրկնուելու մի ճանապարհ կայ եւ այն Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի պահանջները բաւարարելը չէ, այլ մեր իրաւունքների համար պայքարը», ըսաւ Վարդանեան: