«Նովայա Կազեթա» թերթըը հրապարակած է ծաւալուն յօդուած մը Պաքուի մէջ պահուող ամէնէն նշանաւոր հայ գերիին` Ռուբէն Վարդանեանի մասին, որուն «դատավարութիւնը» կը շարունակուի:
Հայաստանեան լրատուամիջոցները թարգմանաբար ներկայացուցած են յօդուածին մէջ հրապարակուած Ռուբէն Վարդանեանի միջազգային փաստաբան Ճերըտ Կենսըրի կարճ հարցազրոյցը:
Ռուբէն Վարդանեանի ներկայ կացութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Կենսըր կ՛ըսէ, որ 12 Մարտին, 23 օր տեւած եւ իր վրայ ծանր ազդեցութիւն ունեցած հացադուլը դադրեցուցած Ռուբէնին վիճակը ներկայիս կայուն է: Ան կը յայտնէ, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) առանցքային դեր ունէր անոր բժշկական խնամքը ապահովելուն մէջ, սակայն, ԿԽՄԿը Ատրպէյճանէն վտարելու՝ նախագահ Ալիեւի կարգադրութիւնը կը սպառնայ թէ՛ բժշկական օգնութեան հետագայ հասանելիութեան եւ թէ ընտանիքին հետ անոր կապ ապահովելուն վրայ:
Ռուբէն Վարդանեանի ազատ արձակման կարելիութիւններուն վերաբերող հարցումի պատասխանելով՝ Կենսըր կը նշէ, որ շատ աշխոյժ կերպով կ՛աշխատին ոչ միայն Ռուբէն Վարդանեանի, այլ նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ պահուող բոլոր հայ քրիստոնեայ քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակել տալու ուղղութեամբ: «Վերջին ամիսներուն, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վրայ ճնշումը հետզհետէ կ՛աւելնայ», կ՛ըսէ ան:
Հայ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան նկատմամբ Արեւմուտքի կրաւորականութեան մասին հարցումին իբրեւ պատասխան՝ Կենսըր կ՛ըսէ հետեւեալը. «Չեմ կարծեր, թէ իրավիճակի այսպիսի բնութագրում մը արդարացի է: Թերեւս նախապէս այդպէս էր, բայց վերջին ամիսներուն տեղի ունեցան կարեւոր փոփոխութիւններ: Անցեալ տարուան Հոկտեմբերին, նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին, նախագահ Թրամփ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ Ալիեւի գործողութիւնները ցեղային զտում են, եւ եթէ ընտրուի՝ պիտի պաշտպանէ հալածուած քրիստոնեաները:
«Այդ օրերէն ի վեր, Թրամփի վարչակազմը կը հաստատէ այս դիրքորոշումը թէ՛ հրապարակային եւ թէ մասնաւոր դիւանագիտութեան միջոցով: Օրինակ՝ 16 Մարտ 2025ին, ազգային ապահովութեան խորհրդական Մայքըլ Ուոլց այս մասին հրապարակային գրառում մը կատարեց: Նախագահ Թրամփի եւ անոր վարչակազմի դիրքորոշումէն բացի, պէտք է նշել Եւրոպական Միութեան եւ ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի վերջին նախաձեռնութիւնները: 3 Մարտին, ՄԱԿի գերագոյն յանձնակատար Ֆոլքըր Թիւրք կոչ ուղղեց՝ Ատրպէյճանի մէջ անյապաղ ազատ արձակելու հայ գերիները, իսկ 12 Մարտին, Եւրոպական Միութիւնը բանաձեւի միացեալ առաջարկ մը ներկայացուց` դատապարտելով հայ պատանդներուն դէմ ցուցադրական դատավարութիւնները»։
«Կրնա՞յ Թրամփի վարչակազմը միջամտել Վարդանեանի գործին» հարցումին պատասխանելով՝ Կենսըր կ՛ըսէ. «Թրամփի վարչակազմը արդէն յստակօրէն հասկցած է, որ քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակելը իրեն համար առաջնահերթ հարց է: Չեմ կարծեր, թէ նախագահ Թրամփ պիտի աջակցի խաղաղութեան համաձայնագիրին, եթէ գերիները ազատ չարձակուին մինչեւ անոր կնքումը կամ ստորագրութեան պահուն: Վստահ եմ, որ Թրամփի վարչակազմը, այլ շահագրգիռ կողմերուն հետ այս դիրքորոշումը հասանելի կը դարձնէ նախագահ Ալիեւին: Եթէ Ալիեւ պատշաճ կերպով չարձագանգէ, կ՛ակնկալեմ, որ ուղղակի հետեւանքներ ըլլան: Ալիեւի փոխարէն ես շատ պիտի անհանգստանայի, որովհետեւ Թրամփ դասական քաղաքական գործիչ մը չէ, որ կը սահմանափակուի աստիճանական միջոցառումներով: Ինչպէս արդէն տեսած ենք անոր երդմնակալութենէն ետք, կրնայ առնել անսպասելի, անհամաչափ եւ նոյնիսկ կոշտ քայլեր»: