Միացեալ Նահանգները չեղեալ յայտարարեց Հայաստանի մէջ «Ժողովրդավարական մշակոյթի խթանում» ծրագիրին ֆինանսաւորումը, յայտնեց միլիառատէր եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի զինակից Իլան Մասքի ղեկավարած Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան արդիւնաւէտութեան բաժանմունքը (DOGE):
Այդ նպատակներուն համար կը նախատեսուէր 2 միլիոն տոլար յատկացնել:
Միացեալ Նահանգներու որոշումը այսպիսի ծախսեր «անօգուտ» որակած է։
Չեղեալ յայտարարուեցան նաեւ այլ երկիրներու զանազան ծրագիրներ։
Ընդհանուր առմամբ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը չեղեալ համարեց 215 միլիոն տոլարի «անօգուտ դրամաշնորհներ»։