Արցախի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեան հարցաքննուեցաւ Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ՝ դարձեալ առանց անկախ փաստաբաններու եւ լրատուամիջոցներու:
Ըստ ատրպէյճանական պետական AZERTAC գործակալութեան՝ «դատախազներու հարցումներուն իբրեւ պատասխան՝ Ղուկասեան խոստովանեցաւ, որ ինք ժամանակին ատրպէյճանցիները ստիպած է հեռանալ» Ստեփանակերտէն: Ան նաեւ հաստատեց, որ 1990ականներու իրադարձութիւններուն ընթացքին «Հայաստանէն մարդիկ տեղափոխած են ատրպէյճանական տարածք»: