«Հայաստան-Ադրբեջան նոր սրացում, նոր պատերազմ չի լինելու. լինելու է խաղաղութիւն», Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, 2024ի կառավարութեան ծրագիրի եզրափակիչ ելոյթին ընթացքին, յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ աւելցուց, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճանը ճանչցած են իրարու տարածքային ամբողջականութիւն եւ գերիշխանութիւնը, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութիւնը, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի անթոյլատրելիութիւնը:
Ըստ Փաշինեանի՝ այդ բոլորը կատարուած են ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ իրաւական մակարդակի վրայ, որովհետեւ երկու երկիրներուն միջեւ պետական սահմանի սահամանազատման յանձնաժողովներու միացեալ կանոնակարգը այլեւս երկու երկրներուն մէջ բարձրագոյն իրաւական ուժ ունեցող փաստաթուղթ է. կողմերը, այդ փաստաթուղթին մէջ Ալմա Աթայի հռչակագիրը ընդունելով իբրեւ սահմանազատման հիմնական սկզբունք՝ այդ հռչակագիրը, ըստ էութեան, դարձուցած են յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմք։ Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի չկատարէ գործողութիւններ, որոնք կը հակասեն այս տրամաբանութեան: Ան Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց՝ նոյնը ընելու:
«…Մենք պատրաստ ենք միաժամանակ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի կառոյցները լուծարելու մասին Հայաստան-Ադրբեջան համատեղ դիմումը ԵԱՀԿին», աւելցուց Փաշինեան:
Հակառակ Փաշինեանի ըսածներուն՝ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան թրքական լրատուամիջոցներու հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին չբացառեց մագլցումը: Ան յայտնեց, թէ կայ այնպիսի տպաւորութիւն մը, որ ատրպէյճանական կողմը պարզապէս շահագրգռուած չէ կարգաւորման գործընթացը աւարտին հասցնելով եւ իրականութեան մէջ պատրաստակամ չէ խաղաղութիւն կառուցելու:
ԸՍՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ՝ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ ՈՐԵՒԷ ՓՈՐՁ «ԿՈՐԾԱՆԱՐԱՐ Է»
«Ղարաբաղեան շարժումը շարունակելու ցանկացած փորձ կործանարար է, որովհետեւ այն եղել է եւ լինելու է գործիք Հայաստանի պետութիւնը, անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը թոյլ չտալու համար», խորհրդարանին մէջ յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Ան ըսաւ, թէ շուրջ 30 տարի կառուցած ենք պետութիւն մը, որ հիմնականին մէջ նուիրուած է Ղարաբաղի հարցի լուծման, ղարաբաղեան շարժման եւ յանուն անոր ամէն ինչ զոհաբերելու տրամաբանութեան:
Փաշինեան ընդգծեց, որ մեծամասնութիւնը հաշտ եղած է այդ նախատիպին եւ այդ նպատակին հետ: Ինք եւս բոլորովին հաշտ էր անոր հետ մինչեւ այն պահը, երբ իբրեւ Հայաստանի վարչապետ փաստերու եւ տեղեկութիւններու հասանելիութիւն ստանալու զուգընթաց քայլ առ քայլ հասկցած է, որ եթէ Հայաստանի համար անկախութիւնը եւ պետականութիւնը միջոց են Ղարաբաղի հարցի իրենց պատկերացուցած լուծումին համար, արտաքին շարք մը դերակատարներու համար «Ղարաբաղի հարցը միջոց է մեր պետականութեանը վերջ դնելու համար»:
«Ղարաբաղեան շարժումը օբյեկտիւօրէն (առարկայականօրէն) վաղուց աւարտուել է, եւ այն շարունակելու մեր հաւաքական ջանքը ընդամէնը օգտագործւում է Հայաստանի առանց այն էլ թուլացած անկախութեանն ու պետականութեանը վերջ դնելու համար», աւելցուց Փաշինեան: