Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ բարենպաստ լուծում մը պիտի ըլլայ, երբ Երեւան եւ Պաքուն հանդէս գան ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը լուծարելու համապատասխան միացեալ առաջարկով:
Ըստ Զախարովայի՝ Մինսքի խումբը կորսնցուց իր արդիականութիւնը եւ պէտք է լուծարուի, մանաւանդ որ խումբի ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահները Փետրուար 2022ին դադրեցուցին կապերը ռուս համանախագահին հետ, իսկ Հոկտեմբեր 2022ին Հայաստան Արցախը ճանչցաւ Ատրպէյճանի մաս, եւ երբ 2023ի աշնան իրավիճակը բոլորովին փոխուեցաւ:
Զախարովա աւելցուց, որ Ռուսիա պատրաստ է իր հարթակը տրամադրելու Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն եւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան համար: Ան նաեւ յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները կը շարունակեն միանգամայն ի զօրու մնալ՝ շեշտելով, որ եռակողմ ձեւաչափով փոխգործակցութեան շուտափոյթ վերականգնումը պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման:
«Անշուշտ, մենք պատրաստ ենք երկու երկիրներու հաշտեցման բոլոր առանցքային հարցերուն մէջ աջակցութիւն ցուցաբերել ատրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն: Մենք հրաշալի մշակումներ ունինք երթեւեկի հաղորդակցութեան եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու նախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ», ըսաւ Զախարովա՝ շեշտելով, որ Մոսկուա պատրաստ է իր փորձառութիւնը բաժնեկցելու, եւ որ ունի բացառիկ քարտէսագրական նիւթեր, կրնայ օգնել՝ լուծելու Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան տարիներուն ընթացքին կուտակուած մարդասիրական բնոյթի հարցերը:
0418Meet