
Հայկական իրաւական կեդրոնը բաց նամակով մը դատապարտեց Պաքուի հակահայ կեղծիքներուն եւ Ատրպէյճանի մէջ հայկական ժառանգութիւնը ջնջելու ջանքերը ծածկելուն առիթ ընծայելու՝ Վատիկանի համալսարանին կեցուածքը։
Յիշեցնենք, որ Վատիկանի Հայրապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած էր «Քրիստոնէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագիրով միջազգային «գիտաժողով»ը։
Վերոնշեալ նամակին մէջ, Հայկական իրաւական կեդրոնը կը շեշտէ, թէ Արցախի մէջ հայկական ժառանգութիւնը ջնջող պետութեան բեմ հայթայթելով՝ համալսարանը մեղսակից կը դառնայ Պաքուի մշակութային ցեղասպանութեան՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճան կը ջանայ տարածել այն շինծու պնդումը, որ հայկական եկեղեցիները աղուանական են։