
17 Ապրիլ ին, Պրիթիշ Քոլոմպիայի վարչապետ Տէյվիտ Էպիի եւ նախարար Ատրիան Տիքսի հրաւէրով եւ համագործակցութեամբ Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին Պրիթիշ Քոլոմպիայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնը։
Նախարար Ատրիան Տիքս ողջոյնի խօսք ուղղեց Հայ Դատի յանձնախումբին, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, որմէ ետք խորհրդարանի շէնքին առջեւ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի բարձրացման արարողութիւնը։
ԳԵՄի անդամները բարձրացուցած էին Արցախի հանրապետութեան դրօշներ եւ Պաքուի բանտերուն մէջ անօրէն կերպով բանտարկուած հայ քաղաքական բանտարկեալներու լուսանկարներ՝ իբրեւ բողոքի նշան հայութեան դէմ գործադրուող նոր ցեղասպանութեան, որ կ՛իրագործուի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ։


Ոգեկոչման արարողութիւնը շարունակուեցաւ խորհրդարանի «Պատուոյ Սրահ»ին մէջ, ուր ելոյթ ունեցաւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի վարչապետ Տէյվիտ Էպի, որ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին՝ դատապարտելու անցեալի եւ ներկայի բոլոր ցեղասպանութիւնները։ Անոր միացան Կանաչ կուսակցութեան պատգամաւոր Ճերեմի Վալերիոթէ եւ պահպանողական ներկայացուցիչ Սթիւ Գունըր, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին:
Հայ Դատի յանձնախումբին եւ երիտասարդականին անունով խօսք առաւ Վանեսա Յակոբեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պրիթիշ Քոլոմպիայի կառավարութեան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ արդարութեան հաստատման ի խնդիր ցուցաբերուած աջակցութեան համար:
Ելոյթ ունեցաւ Սայմըն Ֆրէյզըր համամալսարանի դասախօս դոկտ. Քէյթ Թայրեան, որ անդրադարձաւ հայերու դէմ գործադրուած զանգուածային սպանութիւններուն, մշակութային ցեղասպանութիւններուն եւ բռնի տեղահանութիւններուն։
Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Վարդան Ծ. վրդ. Թաշճեան՝ երգելով Շարլ Ազնաւուրի Ils sont tombés երգը, ԳԵՄի անդամ Լորի Գուլլահեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ։ Հայաստանի օփերայի երգչուհի Մանուշ Յարութիւնեան ներկայացուց Կոմիտասի «Կրունկ»ը։
Վարչապետ Էպիի կողքին ներկայ էին Պրիթիշ Քոլոմպիայի առաւել քան 20 նախարարներ եւ խորհրդարանի անդամներ, ինչպէս նաեւ տեղական լրատուամիջոցներու լրագրողներ։