18 Ապրիլին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու գծով Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցան, յայտնեցին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Ռուսական կողմը վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը` շարունակելու նպաստել Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ հատման ընդհանուր կէտեր գտնելու գործընթացին, որովհետեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն բարելաւումը կարեւոր գործօն է Հարաւային Կովկասի կայունութեան զարգացման համար: Ռուբինեան տեղեկացուց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ոլորտի վերջին զարգացումներուն մասին:
Քննարկուեցան Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր, որոնց կարգին «3+3» տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակը (Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան, նաեւ՝ Ռուսիա, Իրան եւ Թուրքիա)։