ՀԵՆՐԻ ՄՈՐԿԸՆԹԱՈՒ

Մայիս 10էն 30ի միջեւ, ամէնէն ականաւոր 1200 հայերը եւ այլ քրիստոնեաներ առանց դաւանանքի խտրութեան ձերբակալուեցան Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտի) եւ Մամուրէթ ուլ Ազիզի (Խարբերդի) վիլայէթներուն մէջ:
Կ՛ըսեն, թէ Մուսուլ պիտի տարուէին, սակայն ուրիշ ոչինչ լսուեցաւ անոնց մասին:
Մայիս 30ին, 674 ձերբակալուածներ Տիգրիսի վրայ լեցուեցան 13 մակոյկներու մէջ, այն պիտակին տակ, թէ Մուսուլ պիտի փոխադրուէին: Վալիին գործակատարը 50 ոստիկաններու օգնութեամբ կը գլխաւորէր շարասիւնը: Ոստիկաններուն կէսը յարձակեցաւ մակոյկներուն վրայ, իսկ մնացեալը ձին քշեց գետափին: Կարճ ժամանակ ետք գերիներուն ամբողջ դրամը (շուրջ 6000 թրքական սթերլին) կողոպտուած էր, ապա զանոնք մերկացուցին եւ վերջը գետ նետեցին: Գետափին երթեւեկող ոստիկաններուն հրահանգուած էր թոյլ չտալ, որ ոեւէ մէկը փախչէր: Զոհերուն հագուստները ծախուեցան Տիարպեքիրի շուկային մէջ:
Գրեթէ նոյն ատեն 700 երիտասարդ հայեր զինուորագրուեցան, ապա ուղարկուեցան կառուցելու Քարապաղչէ-Հապաշի ճամբան: Այս 700 այրերուն մասին եւս լուր չկայ:
Կ՛ըսեն, թէ օր մը Տիարպեքիրի մէջ 5 կամ 6 քահանայ մերկացուցեր են, կուպրով մրոտեր են եւ քարշ տուած են փողոցներուն մէջ:
Զանոնք կարաւաններով դէպի անապատը քշած են, հոն բնակեցնելու պատճառաբանութեամբ: Թէլ Արմէն գիւղին մօտ (Պաղտատի երկաթուղիին գիծին վրայ, Մուսուլի մօտ) եւ դրացի գիւղերուն մէջ շուրջ 5000 հոգի սպաննուեցաւ. միայն քանի մը կիներ եւ մանուկներ փրկուեցան: Մարդիկ ողջ-ողջ հրուեցան հորերու կամ կրակի մէջ: Այնպէս կը ձեւացնեն, թէ հայերը պիտի օգտագործեն գաղութատիրութիւն հաստատելու համար Պաղտատի երկաթուղիէն 24 քլմ. կամ 30 քլմ. հեռու գտնուող շրջաններու մէջ: Սակայն, որովհետեւ միայն կիներն ու մանուկները կ՛ուղարկուին աքսորի, եւ որովհետեւ բոլոր այրերը, բացի շատ ծերերէն, պատերազմի գացած են, ասիկա նուազ ոչինչ կը նշանակէ, քան ընտանիքներու հաւաքական սպանդը, որովհետեւ անոնք ո՛չ աշխատող ուժը ունին, ոչ ալ դրամագլուխը, հողամասը մաքրելու համար:

Ամբողջ մէկ ամիս, գրեթէ ամէն օր, Եփրատէն վար ծփացող դիակներ կը տեսնուէին. յաճախ՝ իրարու կապուած 2էն 6 դիակներու խումբեր: Այրերուն դիակները մեծ մասամբ սոսկալի կերպով անդամահատուած են (սեռային գործարաններ հատուած են եւ այլն), կիներուն դիակները պատռուած եւ երկուքի բաժնուած են: Եփրատի վրայ հսկող թրքական զինուորական իշխանութիւնը՝ Ճարապլուսի գայմագամը (կառավարիչը) կը մերժէ արտօնել այս դիակներուն թաղումը, պատճառաբանելով, որ երբեք չի կրնար փաստել, թէ անոնք իսլամներո՞ւ թէ քրիստոնեաներու կը պատկանին: Ան կ՛աւելցնէ, թէ ոչ ոք որեւէ հրաման տուած է իրեն այս ուղղութեամբ: Գետափին խրած դիակները կուլ կ՛երթան շուներու եւ անգղներու: Բազմաթիւ գերմանացի ականատեսներ կրնան վկայել այս իրողութիւնը: Պաղտատի երկաթուղիին պաշտօնեաներէն մէկուն բերած տեղեկութեան համաձայն, Պիրեճիքի բանտերը կանոնաւոր կերպով կը լեցուին ամէն առաւօտ եւ ամէն գիշեր կը պարպուին Եփրատի մէջ: Տիարպեքիրի եւ Ուրֆայի միջեւ գերմանական հետեւակներու հրամանատար մը անհամար անթաղ մեռելներ տեսած է ճամբուն երկայնքին:
(Քաղուած՝ «Դեսպան Մորկընթաուի Պատմութիւնը» հատորէն)