
Ալթատինայի հրդեհներէն տուժած անձերուն աջակցելու նպատակով, 25 Մայիսի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ տեղի ունենալիք ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Համազգայինի «Անի» պարախումբը եւ «Նայիրեան» երգչախումբը։
ՀԲԸՄի Փասատինայի Մանուկեան կեդրոնին մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկին մասնակցութեան սակը 150 տոլար է։
Կազմակերպիչ յանձնախումբին մաս կը կազմէ Մեթիու Քարանեան, իսկ ՀՕՄը կը մասնակցի հաւաքուած հասոյթը տնօրինելու գործին։
Տոմսեր ապահովելու համար այցելել DawnOverDena.net կայքը կամ դիմել (626) 437-7509, (818) 426-4017 եւ (626) 253-4879 թիւերուն։ Կարելի է նշեալ նպատակին համար նուիրատուութիւն կատարել՝ այցելելով tinyurl.com/DenaDonation կայքէջը։