Նախապէս գրած էի, թէ սատանան առաջին պարտականութիւն մը ունի, որ Աստուծոյ ժողովուրդը ցրուել, օձտել, հեռացնել էր Քրիստոսի մօտէն: Այս հեռացումը անշուշտ այն միակ երդիքէն՝ եկեղեցիէն պիտի ըլլար, որ միատեղ ու ապահով կը պահպանէ Քրիստոսի բանաւոր հօտին հաւատացեալ ոչխարները:
Այսքանով չի՛ բաւարարուիր սակայն ան: Մէկը կրնայ արդարօրէն առարկել, թէ՝ հեռացնելէ աւելի ի՞նչ կրնայ ընել, որովհետեւ արդէն իսկ իր նպատակին հասած կ’ըլլայ այդպիսով: Սակայն սատանան մեզի պէս սովորական մտածելակերպ չունի: Իր հաշիւները աւելի խոր են եւ արմատական, քան սովորական մարդոց նման մակերեսային ու թեթեւ: Ան կը խորհի, որ եկեղեցիէն հեռացողները կրնան օր մը դարձեալ վերադառնալ զղջումով, ապաշխարութեամբ: Այդ իսկ պատճառաւ, կ’ուզէ անոնց մտքէն ամբողջութեամբ հեռացնել այն ինչ որ աստուածածանօթութեան կը նպաստէ՝ Աստուածաշունչի ճշմարիտ իմացութիւն, եկեղեցւոյ հայրերու սրբազան ուսուցումներ, դաւանանք, եկեղեցական աւանդութիւններ, ծիսական համակարգ, եկեղեցւոյ գերագոյն իշխանութեան նկատմամբ յարգանք ու հնազանդութիւն, եւ նման սկզբունքային օրէնքներ, որոնք կը կազմեն եկեղեցւոյ կեանքը ու էութիւնը:
Սատանան բազմաթիւ հագուստներ ունի, եւ աշխարհի ամէնէն անուանի նորաձեւութեան կեդրոնն իսկ չի՛ կրնար անոր հաւաքածոյին մէկ մասնիկը ունեցած ըլլալը յայտարարել: Տարբեր գոյնի, տարբեր ձեւի, տարբեր տեսակի ու որակի կերպասներով կարուած, տարբեր տեսակի դերձաններով բանուած եւ տարբեր չափի զգեստներ ունի ան, իր դժոխային պահարաններուն մէջ ի պահ դրուած: Սատանան զանոնք կրնայ օգտագործել, որեւէ ժամանակ, եւ չակնկալուած առիթի: Արդէն սատանային ճարտարութիւնը կը կայանայ, զանազան դերակատարութիւններով հանդէս գալուն մէջ: Այդ դերակատարութիւնները ստանձնելու համար, ան պէտք ունի ծպտուելու տարբեր տեսակի կերպարներու մէջ: Կարեւոր չէ, թէ այդ կերպարները ըլլան դրական կամ բարի նկատուած կերպարներ, որովհետեւ հակառակը երբ ըլլայ, բնականօրէն ամէն մարդ պիտի զգայ, թէ ժխտական կերպար մը չարի ազդեցութեան տակ կրնայ ըլլալ: Ուստի, աւելի նպաստաւոր է սատանային, իր խօսքը ու գործը իրականացնելու համար որդեգրել դրական կերպարներով աշխատելու խաբէութիւնը:
Այս աշխատանքներէն մէկն է ահա, որ սատանան կը կատարէ իբրեւ իր երկրորդ պարտականութիւնը կամ գործը: Ատիկա՝ Աստուծոյ անունով խօսիլն է: Ահա թէ ո՞ւր կամ ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ անոր յաջողութիւնը: Հաւատացեալներէն քանի՞ն կրնան ստոյգ կերպով գիտնալ, թէ Աստուծոյ անունով խօսողը կրնայ սատանայէն մղուած ըլլալ: Աղանդաւորական խմբակներու ամբողջ աշխատանքը այս հիմքին վրայ կը կանգնի: Պարզ ու բարեպաշտ ժողովուդը ո՛չ աստուածաբան է, ո՛չ ալ դաւանական հարցերու խրթին խնդիրներուն ծանօթ: Այսպէս, Եհովայի վկաներ կոչուած աղանդին փերեզակները երբ խօսին Աստուծոյ անունով, կամ մեկնութիւններ կատարեն Աւետարական ճշմարտութեանց մասին, քանի՞ հոգի կրնայ բաղդատական կատարել եւ ժխտել անոնց ուսուցածը: Քանի՞ հաւատացեալ մարդ կրնայ առողջ քննադատութեամբ ջրել անոնց քարոզչութիւնը եւ յստակօրէն բացատրել Աստուածաշունչին վաւերական պատգամը: Եհովայի վկաներուն եւ առհասարակ բոլոր քրիստոնէական աղանդներուն գլխաւոր աշխատանքներէն է, Աստուծոյ խօսքին՝ Աստուածաշունչին այլափոխումը, չարափոխումը, նենգափոխումը, ըլլա՛յ բնագրային աննկատելի աղաւաղումներու ճամբով, ըլլա՛յ զայն մեկնաբանելու ձեւին մէջ: Այստեղ ամբողջութեամբ ազատ դաշտ մը կը բացուի անոնց դիմաց, որովհետեւ Աստուծոյ խօսքը մեկնաբանելու որոշ մեթոտի մը չեն հետեւիր անոնք: Այլ՝ իբրեւ թէ Սուրբ Հոգւոյ ներշնչումով, այդ վայրկեանին յերկնուստ տրուած յայտնութիւններու հիման վրայ կը կատարեն այս կամ այն մեկնութիւնը, որ ըստ կամս եւ ըստ հաճոյս տրուած բացատրութիւն մը կ’ըլլայ տուեալ հատուածին: Հաւատացեալներու կեանքին մէջ շփոթի ու անորոշութեան ստեղծման առաջին քայլերն են ասոնք, որոնք արդէն իսկ սատանային յաջողութիւնը կարելի է նկատել: Սատանային քարոզչութիւնը ունկնդրող ժողովրդային հոծ բազմութիւններուն մեծ տոկոսը, անգիտակ է խօսուածէն, որուն հետեւանք է այն ապշումը կամ հիացմունքը, որ կ’ուրուագծուի ունկնդիրներէն շատերուն յիմարացած դէմքին:
Աստուծոյ անունով խօսելու այս ոճը, սատանան ստացած է հին մարգարէներէն, որոնցմէ շատերը անցեալին փորձած է հեռացնել իրենց մարգարէական պաշտօնէն ու կոչումէն: Անոր հիմնական կերպը՝ Աստուծոյ անունով յայտարարութիւն կատարելն է: Սատանան այնպէս մը կը խօսի, իբրեւ թէ՝ Աստուած Ի՛նք է խօսողը…: Ասկէ նաեւ այն հեղինակութիւնը, զոր ան ձեռք կը ձգէ, մոլորեցնելու համար պարզամիտները:
Եթէ այս է կացութիւնը, ուրեմն՝ փրկութիւն չկայ, կրնայ ըսել իսկապէս հաւատացեալ մարդը: Որովհետեւ երբ սատանան նոյնիսկ բարիի կերպարով ու դրական տիպարներու դերակատարութեամբ պիտի մօտենայ, բնաւ կարելի պիտի չըլլայ ճանչնալ զինք իր էութեանը մէջ: Այս եւ նման հաստատումներ կատարող իսկապէս բարեպաշտ մարդոց մխիթարութիւն կրնանք տալ այն լուսաբանութեամբ, որ փառք Ամենակալին, կա՛յ տակաւին միակ միջոց մը, յայտնաբերելու սատանային ինքնութիւնը, նոյնիսկ իր դրական կերպարին, կամ բարիի «հագուստ»ին մէջ: Եւ այդ՝ անոր խօսքին ու գործին մէջ եղած տարբերութիւնն է…: Ա՛յս է միակ միջոցը, ճանչնալու համար սատանան: Անոր խօսքը բնա՛ւ չի համընկնիր իր գործին: Այս կէտին մէջ չէ՛ կրցած ան իր ինքնութիւնը պահել, եւ իր հագած նոյնիսկ մետաքսեայ ամէնէն նորոյթ տաբատին տակէն դուրս եկած կ’երեւին իր կոշտ կճղակները կամ սմբակները, նայած, թէ ինչքան բարձր պաշտօն ունի ան, դժոխային ստորերկրեայ թագաւորութեան մէջ…: Իսկ իր ետին փաթթուած երկա՜ր ու սրածայր պոչը ո՞վ չի կրնայ նկատել արքայական շրջազգեստին ետեւի ճեղքէն դուրս ինկած…:
Սատանային երկրորդ պարտականութիւնը, ուրեմն, Աստուծոյ չարափոխուած խօսքով մարդիկը մոլորեցնելն է: Սակայն, խորքին մէջ ան Աստուծոյ Խօսքը չէ՛ որ կը փոխանցէ, այլ իր անձնական մեկնութիւնը կու տայ անոր, մարդիկը կորստեան ճամբու մէջ դնելով: Ծածուկ բան չկայ, որ ի յայտ պիտի չգայ, կ’ըսէ Յիսուս (հմմտ. Մտ. 10.26), եւ ինչքա՜ն կը յարմարի այդ համարը սատանային գործունէութեան, որ սովոր է միշտ մութին մէջ, աչքերէ հեռու աշխատիլ: Անոր երկրորդ պարտականութիւնն ալ ուշ կամ կանուխ ձախողութեան պիտի դատապարտուի…: