Հայաստանի մէջ յայտարարուած ու հաստատուած արտակարգ իրավիճակը իրաւունք տուած է իշխանութեան ամբողջական հակակշիռ հաստատելու լրատուական բոլոր միջոցներու վրայ։
Մարտի առաջին օրերէն, Հայաստանի մէջ հրատարակուող թերթերը, ձայնասփռուող ու հեռասփռուող ծրագիրները, ինչպէս նաեւ համացանցային կապով աշխարհի զանազան անկիւններ հասնող կայքէջերն ու ամենատարբեր ծառայութիւնները պարտաւոր են հրապարակել միայն ու միայն պաշտօնական լրատուութիւն։
Հայաստանի մէջ գործող մամուլի միջոցներու մեծագոյն մասը, ենթարկուելով այս կարգադրութեան, իր աշխատանքը կը տանի համապատասխան իշխանութեան օղակներու պահանջներուն։ Կարգ մը անկախ կամ ընդդիմադիր թերթեր, ինչպէս «Առաւօտ»ն ու «Հայկական ժամանակ»ը, բողոքելով իրենց վրայ դրուած արգելքներուն դէմ, որոշած են ժամանակաւորապէս դադրեցնել իրենց հրատարակութիւնը։ Մենք կը կիսենք այս լրատուամիջոցներու ընդվզումը։
Երկրի ներքին վիճակը կայունացնելու նպատակով կատարուած այս կարգադրութեան հակաժողովրդավարական ըլլալու մասին կարիք չկայ երկար գրել։ Այդ այդպէս է ու, իբրեւ այդպիսին, ստուեր մը եւս կ’աւելցնէ մեր երկրի միջազգային վարկին վրայ, առանց սակայն, մեր կարծիքով, նպաստելու իշխանութեան առաջադրած նպատակի իրագործման։
Հայաստանը փոքր երկիր է, իսկ Երեւանը, միլիոնանոց մայրաքաղաք մը ըլլալով հանդերձ, ափ մը տարածքի մէջ տեղաւորուած է, տարածք, որու լայնքին ու երկայնքին լուրերը բերնէ բերան շատ արագ կը ճամբորդեն, այդ երթեւեկի ընթացքին ճոխանալով տարբեր առասպելներով, գունաւորուելով չափազանցուած ասէկօսէներով ու բամբասանքներով։
Լուրերով հետաքրքրուող մարդիկ, Հայաստանի մէջ ուր ալ ապրին, կրնան զոհ դառնալ հերիւրածոյ լուրեր տարածելու համար ստեղծուած բոլորովին նոր մեքենաներու, որոնց նպատակը անկասկած իշխանութիւն-ժողովուրդ հակադրութեան առաւել սրումն է։ Այս հերիւրածոյ լուրերու բերնէ բերան փոխանցման, անոնց ընկալման եւ թողած ազդեցութեան վերաբերեալ իշխանութիւնները բացարձակապէս անզօր կը մնան։
Հայաստանէն դուրս ապրող հայ մարդիկ, այսինքն մենք, անշուշտ չենք կրնար բաւարարուիլ պաշտօնական հաղորդագրութիւններով ու իրավիճակի մեկնաբանութիւններով ու կը սկսինք փնտռել լրատուական շրջափակումը ճեղքող աղբիւրներ եւ, հաւատացէք, որ այսօրուան արհեստագիտական հնարաւորութիւնները կը դիւրացնեն նման աղբիւրներ գտնելու գործը։
Սփիւռքի մէջ Հայաստանով ապրող, Հայաստանի լուրերով մտահոգուող մեր հայրենակիցները եւս, իրենց այս փնտռտուքի ընթացքին, անգիտակցաբար կրնան զոհ դառնալ լուրերու խեղաթիւրումներու, գրգռիչ հերիւրանքներու՝ իյնալով ոչ այնքան անմեղ նպատակներ հետապնդող, կամ պարզապէս անպատասխանատու անհատներու լարած թակարդին մէջ։ Հիմա, այս օրերուն, երբ մթնոլորտը լարուած է, մարդիկ առաւել հակամէտ կը դառնան հաւատալու ամէնէն գրգռիչ մեղադրանքները իբրեւ թէ հիմնաւորող, բայց ակնյայտօրէն շինծու տեղեկութեանց։
Ժողովուրդը իրաւունք ունի ստանալու լուրեր բոլոր կողմերէն։ Ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ բաց պէտք է ըլլայ տեղեկատուական դաշտը ամբողջութեամբ, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի, իւրաքանչիւր հայ մարդ կարենայ ինք իր դատումները կատարել՝ նուազագոյնս ենթակայ ըլլալով չարամիտ թէ բարեմիտ ուղղորդումներու։
Լուրերու հոսքը սահմանափակելը կամ արգիլելը անիմաստ ու անկարելի առաջադրանք մըն է միայն, որ բացի պետութեան համբաւին վնաս տալէ, ուրիշ ոչ մէկ բանի կը ծառայէ։
Հետեւաբար, անիմաստ է այս կարգադրութեան շարունակումը։
«Ասպարէզ» ճիգ պիտի չխնայէ իր ընթերցողներուն համար փնտռել ու մատուցել ամէնէն լայն ու ամբողջական լրատուութիւնը, երբեք չզիջելով հայրենիքի մէջ կայունութիւնը պահպանելու մեր նախանձախնդրութենէն։