Արցախի ազատագրութեան 20ամեակը իր ամբողջականութեան հասաւ, երբ 1992 Մայիս 8ին Շուշին եկաւ մեր ազատագրական պայքարի պատմութեան անաւարտ էջը նոր յաղթանակով ոսկեզօծելու:
Մեզի համար կարեւոր թուականներ են ազատագրական պայքարի առումով 1915, 1918, 1920 եւ վերջապէս Փետրուար 20 1988, երբ հերոսական Արցախը յաջողեցաւ իր վրայէն թօթափել ատրպեճանական ժանգոտ լուծը եւ հռչակել Արցախեան անկախութիւն:
Խորհրդայնացման պարտաւորած լռութենէն եւ բռնացուած հանդուրժողականութենէն ետք, հայ ժողովուրդը հետեւեցաւ իր ազատագրական գաղափարախօսութեան – հայահաւաք եւ հողահաւաք կարգախօսին եւ առաջին յաղթանակով ազատագրեց Արցախը, որպէս առաջին նուաճում:
Հայութիւնը սկսաւ իր պատմա-քաղաքական ազգային մարտունակութիւնը վերագտնել: Արցախը եղաւ մեր պատիւը, մեր հպարտութիւնը: Արցախը եղաւ մեր յաղթանակը:
Եւ այդ հպարտութիւնը ամբողջական դարձաւ, երբ պատմական դարաւոր եւ նշանաւոր քաղաքը, Շուշին, որ հնարաւոր չէր եղած Արցախի հետ նուաճել, հնարաւոր եղաւ ՄԱՅԻՍ 8, 1992ին ազատագրել:
Այժմ տանք Շուշիի ազատագրման պատմութիւնը եւ այս դարաւոր հայատրոփ քաղաքին հպարտ իրագործումները:
Հայկական ջոկատները իրականացուցին այդ ազատութիւնը:
Գարնան գեղեցիկ արշալոյսին, 2800 մարտիկներով սկսաւ այդ արշաւը: Ամէն կողմէն պաշարուեցաւ Շուշին եւ սկսաւ իր ազատագրութեան կարճատեւ հերոսամարտը:
Շուշի քաղաքին մէջ զօրացած էին ազերի բանակի 2300 զինուորներ, որոնք իրենց հրետանիի զօրութեամբ եւ այդ բարձունքէն կը ռմբակոծէին Ստեփանակերտն ու շրջակայ հայկական գիւղերը:
Իր կարգին, խելացի դասաւորումով հայկական զօրքը իր հրետանիով, անակնկալի բերելով ազերիները, ամէն կողմէ շրջապատելով խուճապի մատնած էին զանոնք: Հայկական զօրքը չորս հիմնական կեդրոններէն ամրապնդուած սկսաւ սաստակցել իր գրոհները:
Ազերիները անշուշտ կը սպասէին այս հակահարուածին եւ ցոյց կու տային ուժեղ դիմադրութիւն, բայց հայկական ուժգին այս յարձակումին դէմ դնել անկարելի եղած էր:
Եւ յաջորդ օրը արդէն, այսինքն ՄԱՅԻՍ 9ին, ազերի բանակայիները կը զարմանային, թէ ինչպէս այնքան արագութեամբ հայերը կրցած էին զիրենք առնել ծուղակի մէջ եւ սկսած էին մեծ թիւով զոհեր տալ: Ճար չունենալով, միակ ճամբան էր իրենց համար փախուստ տալ եւ իրենք զիրենք ազատել: Հայ մարտիկները գիտակցելով այդ կացութեան, թոյլ տուին, որ անոնք քաշուին Շուշիէն եւ երթան դէպի Լաչին: Ոչ միայն խնայելու համար յաւելեալ արիւնահեղութիւն, այլ Շուշիի եկեղեցիներուն, հաստատութիւններուն եւ բնակչութեան մասին մտածելով, որովհետեւ անոնք կրնային վնասուիլ հրետանիի ռմբակոծումներէն:
Ստեփանակերտը ցնծութեան մէջ էր, Շուշին ազատագրուած էր, Շուշին, այդ դարաւոր հայապարծան քաղաքը, անգամ մը եւս կու գար միանալու իր տէրերուն, հայութեան:
Բայց պէտք էր հետապնդէին ազերի զինեալները, որոնք անցած էին Լաչին եւ այնտեղէն կրնային ազատագրուած Արցախին վնասել, ուստի շարունակելով մաքրագործման իրենց առաքելութիւնը, հայ զինուորները հետապնդեցին եւ զանոնք Լաչինէն եւս հեռացուցին:
Շուշին ոչ միայն հայկական քաղաք էր, այլեւ ունէր միջազգային համբաւ: Պատմութենէն մենք գիտենք, թէ ան եղած է Անդրկովկասի մշակութային եւ կրթական մեծ կեդրոններէն մէկը, եղած ըլլալով Եւրոպայի համալսարաններուն մակարդակով կրթական օճախ, ունենալով նոյնիսկ անցեալին հայերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, մինչեւ իսկ անգլերէն լեզուներու դասաւանդութիւն:
Նշանաւոր եղած է իր ճարտարապետական գլուխգործոց համարուող Ղազանչեցոց եկեղեցին:
Նոյնպէս նշանաւոր եղած է իր Գանձասար եկեղեցին, որուն մասին Փարիզի մէջ գումարուող միջազգային ճարտարապետական համագումարին ստացած է Անդրկովկասի ճարտարապետութեան մէջ «Թագուհի ճարտարապետութեան» մակդիրը:
Իտալիոյ ճարտարապետութեան պատմութեան գիրքի մը մէջ եւս երկու կարեւոր եղեցիներ յիշատակուած են. մէկը Նախիջեւանի Աստապատի եւ միւսը՝ Գանձասարի եկեղեցին: Դժբախտաբար, Աստապատի եկեղեցին քանի մը տարի առաջ զոհ գնաց ազերիներու բարբարոսութեան, բայց Գանձասարը կը մնայ կանգուն:
Շուշիի մասին անհրաժեշտ է տալ յաւելեալ տեղեկութիւններ, բայց կարելի է յիշել միայն, որ առաջին անգամ հոն սաղմոսները թարգմանուած են աշխարհաբարի, այնտեղ առաջին անգամ գտնուած է մարդկային կմախք մը Հադրութի (Ազոխ գիւղին) մէջ եւ եզրակացուած է համաշխարհային մարդաբանութեան կողմէ, որ մարդկային ծննդոցի առաջին օճախներէն մէկը եղած է Շուշին:
1988 Փետրուար 20ը եկաւ սրբագործելու մեր դատը եւ մեր դարաւոր պատմութեան մէջ ստեղծուեցաւ անկիւնադարձ մը:
Կը խօսինք առանձնաբար Շուշիին մասին, քանի որ ան եղաւ պսակը արցախեան ազատագրութեան:
Շուշի քաղաքը նշանաւոր եղած է ոչ միայն Արցախի եւ Հայաստանի պատմական իրականութեան մէջ, այլեւ ռուսական կայսրութեան համար եւ Եւրոպայի՝ կրթական թէ քաղաքական առումներով:
Լեռնային Ղարաբաղ ազերի տիրապետութեան տակ ունեցած է դժբախտ օրեր, որովհետեւ անգլիացիներու դաւադիր տնօրինումով ամբողջ Ղարաբաղը անցած է ազերիներու իշխանութեան ներքոյ, երբ Անդրանիկի ճիգերը, անկէ առաջ եւ անկէ ետք Դրոյի, Գարեգին Նժդեհի միջամտութիւնները չեն կրցած ազատագրել, ոչ թէ ազերիներէն, այլ անգլիացիներու խաբէութիւններէն, որուն իբրեւ հետեւանք նշանակուած տոքթ. Սուլթանով դարձած է շրջանի ընդհանուր նահանգապետ եւ իր մահմետական հակահայ արեան հետեւողութեամբ մնայուն կերպով հալածած է հայութիւնը, մինչեւ շրջանի տիրապետումն ու խորհրդայնացումը:
Արցախ պատմականօրէն բաժնուած է հինգ շրջաններու՝ Հադրութ, Մարտակերտ, Մարտունի, Ստեփանակերտ եւ Շուշի:
Տարածութիւնն է 4,400 քառ քլմ., գրաւուած հողատարածքներով միասին:
Շուշին ըլլալով նշանաւոր եւ ապահով վայր, Նախիջեւանէն, Մեղրիէն, Պարսկաստանի հայահոծ շրջաններէն հալածուած հայեր եկած հաստատուած են այնտեղ եւ ընտանեկան համախմբումներ կազմած, նոյնիսկ ունեցած են իրենց թաղային եկեղեցիները:
Ըսինք, որ ունեցած է միջազգային համբաւ, այս համբաւը իրենց համար եղած է առաւելութիւն թէ անպատեհութիւն: Հինէն ի վեր, մոնկոլները եկած եւ անոր սքանչելի դիրքին համար գրաւած են զայն եւ աւերներ գործած: Անկէ ետք ռուս-պարսկական պատերազմներու թատերաբեմ եղած է մինչեւ իր ազատագրումը: