Արտակարգ վիճակ, ցոյցեր, բախումներ, սահմանային գօտիի վրայ հրաձգութիւններ, այս ամէնը անապահովութեան հոտ կը բուրեն, մանաւանդ մեր երկրի աշխարհագրութեան ու մեր ժողովուրդի նկարագրին անծանօթ օտարներուն համար։
Հայաստանէն հասած լուրերը նաեւ ապահովական տեսակէտէն կրնան մտահոգել սփիւռքահայ մեր հայրենակիցները, անոնք, որոնք առաջին անգամ պիտի այցելեն հայրենիք, անոնք, որոնք պատկերացում չունին երեւանեան թէ ընդհանրապէս հայաստանեան իրականութեան։
Այս պայմաններու տակ հասկնալի կը դառնայ զբօսաշրջութեան նպատակով Հայաստան գացողներու մտահոգութիւնն ու վերապահութիւնը, որ կը մղէ շատեր նոյնիսկ փոխելու իրենց ծրագիրները եւ առնուազն մօտիկ ապագային ետ կանգնելու Հայաստան այցելելու ծրագրէն։
Իրականութիւնն ալ այդպէս է։ Մեզ հասած տեղեկութիւններու համաձայն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն թէ Եւրոպայէն նկատառելի թիւով զբօսաշրջիկ խումբեր ջնջած են, կամ լաւագոյն պարագային յետաձգած են իրենց այցելութիւնը Հայաստան։
Լոս Անճելըսի մէջ այս դրութեան մէջ գտնուող առաջին պարագան հաւանաբար, «Շամլեան» ազգային վարժարանի աշակերտներու եւ ուսուցիչներու 85 հոգինոց խումբն է, որ այս օրերուն պիտի երթար Հայաստան, որ մեր երկրի ներքին զարգացումներու լոյսին տակ, որոշած է յետաձգել իր ուղեւորութիւնը։
«Ազգ» թերթէն կ’իմանանք, որ Գերմանիոյ մէջ այս օրերուն կազմակերպուած զբօսաշրջութեան նուիրուած ցուցահանդէսի մը ընթացքին, առաւել շեշտուած է եւրոպացի զբօսաշրջիկներու վերապահութիւնը, որու պատճառով նախապէս գերզբաղուած երեւանեան հիւրանոցները կորսնցուցած են իրենց յաճախորդները։
Նկատի առնելով զբօսաշրջիկներու բերած տնտեսական մեծ ներդրումը Հայաստան, որմէ կ’օգտուին բազմաթիւ քաղաքացիներ, որոնք ընդգրկուած են ծառայութեան ոլորտի մէջ, հասկնալի է, թէ այս փոփոխութիւնները տնտեսական ինչ ծանր վնասի պիտի ենթարկեն մեր երկիրը, զրկելով պետութիւնը ընկերային վիճակը բարելաւելու հարկային հսկայական եկամուտներէ։
Կացութեան արագ փոփոխութիւնը, մթնոլորտի հիմնական բարելաւումը կենսական կը դառնայ Հայաստանի տնտեսական զարգացման համար, որպէսզի կարելի ըլլայ այս բոլոր աղէտներէն ետք խուսափիլ տնտեսական նոր ճգնաժամէ մը։