Ատրպէյճանի նախաձեռնութեամբ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին ներկայացուած Ղարաբաղի հարցի կապակցութեամբ բանաձեւը, որ 39 թեր, 7 դէմ եւ 100 ձեռնպահ քուէ ստացաւ, հայ-ատրպեճանական հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղղութեամբ տարուող բանակցութիւններու ամբողջ գործընթացը վտանգելու պիտի ծառայէ միայն։
Այս գնահատականը տրուած է ոչ միայն Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութեան, այլեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երեք գերպետութեանց՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչներու կողմէ։
Համանախագահող երեք երկիրներու ներկայացուցիչները դէմ քուէարկեցին այս բանաձեւին, զայն նկատելով միակողմանի, միայն ատրպեճանական կողմի պահանջները բովանդակող առաջարկութիւն, որ մասամբ միայն ներառած է իրենց կողմէ իբրեւ բանակցային գործընթացի հիմք ներկայացուած սկզ-բունքներու փաթեթը։
Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ճնշումներու տակ, Իսլամական երկիրներու համաժողովի անդամ պետութիւններ, անտեսելով ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին բանաձեւեր ներկայացնելու ընթացիկ ու աւանդական սովորութիւնները, առանց որեւէ նախնական խորհրդակցութեանց, կողմ քուէարկեցին այս առաջարկութեան։
Հայաստանի հետ, բանաձեւին դէմ քուէարկեցին եւ ատրպեճանական թշնամանքին ենթարկուեցան վերոնշեալ երեք գերպետութինները, Հնդկաստանը, Անկոլան եւ Վանուատուն, որ փոքրիկ կղզի մըն է Հարաւային Ամերիկայի մէջ։
Ատրպէյճան արդէն իսկ սպառնալիքներ կը տեղայ այս երկիրներու դէմ, վերանայելով անոնց հետ իր յարաբերութիւններու ներկայ կարգավիճակը։
Ատրպէյճան կը սպառնայ նաեւ, որ այսուհետեւ, Մինսքի խումբի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւններու հիմքը իր պահանջքով պիտի դառնայ ՄԱԿի այս բանաձեւը։
Այսինքն, ըստ էութեան, Ատրպէյճան այս բանաձեւի հետապնդումով անտեղիօրէն լարուածութիւն ստեղծեց իր եւ ոչ միայն դէմ քուէարկող, այլեւ ձեռնպահ քուէարկած եւ դիւանագիտօրէն ժողովէն բացակայած 150 երկիրներու միջեւ։
Միւս կողմէ, ՄԱԿի 39 երկիրները այս բանաձեւի օգտին քուէարկելով, պատճառ պիտի դառնան, որ Ղարաբաղի հարցի կապակցութեամբ բանակցային խաղաղ գործընթացը ձախողի եւ պատերազմի հաւանականութիւնը աւելնայ։
Մենք վստահ ենք, որ Մինսքի խումբի երկիրները հաստատ պիտի մնան մինչ այժմ իրենց որդեգրած սկզբունքներուն վրայ, որոնց բազմակողմանի եւ խորունկ քննարկումով է, որ պիտի գտնուի երկու կողմերուն համար ընդունելի լուծում մը։
Մենք համոզուած ենք նաեւ, որ Ատրպէյճան ի վերջոյ պարտաւորուած պիտի ըլլայ հետեւելու Մինսքի խումբի պատրաստած ուղեցոյցին եւ անուղղակիօրէն ընդունելու իր դիւանագիտական ձախողութիւնը՝ միջազգային ճակատի վրայ։