ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼԽՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութեան կողմէ հրապարակուած զեկոյցէ մը կը տեղեկանանք, որ վարչապետ Արա Յարութիւնեան յատուկ խորհրդակցական նիստ մը հրաւիրած է՝ քննարկելու համար Ամարաս վանական համալիրի վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքը։
Նիստին ներկայ գտնուած են Արցախի հոգեւոր թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, ԼԽՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գասպարեան, նոյն գերատեսչութեան պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան գիտական խորհուրդի անդամներ։
Խորհրդակցական այս նիստին մասնակիցները կարեւոր նկատեցին, որ վերանորոգման աշխատանքները բարձր մակարդակով կատարուին, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով, որ պահպանուի վանքի պատմական տեսքը։
Արցախի կառավարութիւնը կը նախատեսէ, որ Ամարասը վերստին պիտի դառնայ հոգեւոր մշակոյթի կեդրոն եւ այս նպատակը իրականացնելու համար, պետութիւնը պատրաստ է յատկացնելու անհրաժեշտ միջոցները։
Գիտական խորհուրդի անդամ Սերգօ Շահվերդեանի առաջարկով եւ վարչապետի հաւանութեամբ՝ ԼԽՀ կառավարութիւնը շուտով յատուկ որոշում պիտի տայ՝ արգիլելու համար պատմական յուշարձաններու շրջակայքի հողայատկացումները։
Նկատի առնելով, որ ԼԽՀ յուշարձաններու վերականգնման եւ պահպանութեան բնագաւառի մէջ կը նախատեսուին մեծածաւալ աշխատանքներ, վարչապետը անհրաժեշտ համարեց բարձրացնել գիտական խորհուրդի կարգավիճակը եւ ներկաներու առաջարկով, իր անմիջական հսկողութեան տակ առաւ զայն։
Խորհուրդի յաջորդ նիստին պիտի քննարկուին Շուշիի վերականգնման աշխատանքներու ընթացքն ու հեռանկարները։