Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմնի վերջին յայտարարութիւնը մէկ կողմէ Ազգային ժողովի մէջ գործող բոլոր խմբակցութիւններուն հետ միասնաբար ազգային համաձայնութեան կառավարութեան մը մէջ մտնելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէր, միւս կողմէ կ’առաջարկէր ստեղծել խորհուրդ մը՝ նախագահին կից, ուր պիտի մտնեն ժողովուրդին վստահութիւնը վայելող անձեր, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներ։
Առաջարկուած այս խորհուրդը կրնայ նպաստել վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ հասարակութեան հետ իշխանութեան մշտական կապի հաստատման։
Այսինքն, այս խորհուրդը, անմիջական շփման մէջ ըլլալով հանրապետութեան նախագահին հետ, պիտի կարենայ ընդդիմադիր ճակատի պահանջներն ուղղակիօրէն փոխանցել անոր, միեւնոյն ատեն հետապնդելով, որ այդ պահանջները բաւարարուին։
Ներկայ մթնոլորտի լոյսի տակ, խորհրդարանէն ներս թէ դուրս, ընդդիմադիրները դժուար թէ ընդունին կառավարութեան անդամ դառնալ կամ նախագահին կից ինչ-որ կառոյցի մէջ մտնել։
Ատիկա իրենց գիտնալիքն է, իրենց որդեգրած կամ որդեգրելիք մարտավարութեան խնդիրն է։
Արդարեւ, ընդդիմադիր կողմը կրնայ նախընտրել դուրսէն իր ճնշումներուն տակ պահել իշխանութիւնը ու ցուցադրական աշխատանքներով փորձել թուլացնել անոր խարիսխները եւ ի վերջոյ յուսալով, որ պիտի հասնի այնպիսի կէտի մը, երբ պիտի կարենայ պարտադրել անոր հրաժարումը։ Վերջ ի վերջոյ, ընդդիմութեան ղեկավարներուն համար ստեղծուած առիթը անկրկնելի կրնայ ըլլալ ու պահը կորսնցնելու մտավախութիւնը կրնայ զիրենք մղել լարուածութիւնը սաստկացնելու ուղղութեամբ, այլ ոչ թէ մեղմացման։
Դաշնակցութիւնը իր յայտարարութեան մէջ այս առաջարկները ներառելով, պարզապէս երկրի ղեկավարներու ուշադրութեան կը յանձնէ կարեւորութիւնը ունկնդրելու ընդդիմադիր ձայները, հաշուի նստիլ անոնց հետ եւ ներառել անոնց առաջարկները կառավարութեան որդեգրելիք ծրագիրներուն մէջ։ Ընդդիմադիրներու կառավարութեան մաս կազմելը թէ անոնց դուրս մնալը կը դառնայ երկրորդական, եթէ իշխանութիւնները կարենան գտնել ձեւը իրենց մատը պահելու ժողովուրդի բազկերակի վրայ, զգալու ու անդրադառնալու զայն նեղացնող խնդիրներուն եւ համապատասխան լուծումներով գրաւելու անոր սիրտն ու վստահութիւնը։
Ըստ էութեան, այդ է Դաշնակցութեան առաջարկի միտք բանին։