Ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ որոշակի, պայմանական, մասնակի, կամ վերապահ լաւատեսութեան երանգ մը կը դրսեւորեն, որ կրնայ հրաշալի պատեհութիւն մը ընձեռել նոր նախագահին ու իր նորանշանակ վարչապետին։
Խորհրդարանական միակ ընդդիմադիր ուժը հանդիսացող «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան պատգամաւորներէն Ստեփան Սաֆարեանէն մինչեւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր Ստեփան Դեմիրճեան, նոյնիսկ արմատական ընդդիմադիր հանդիսացող Արամ Սարգսեան, նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթին անդրադարձած են վերջերս աւանդական դարձած մերժողական դիրքորոշումէն որոշակի զիջումներով։
Երէկ կէսօրուան ժամով, «Ազատութիւն» կայանի անգլերէն լուրերէն կարդացի այս ողջունելի տրամադրութիւնը։
Ստեփան Սաֆարեան, որ ըստ «Ազատութեան», իր «լաւատեսութիւնը» հիմնած է նախագահ Սարգսեանի ելոյթի վրայ, անշուշտ յուսալով, որ խօսքը դառնայ գործ։
«Այսօր կարծեմ առիթ կայ իրական քայլերով յաղթահարելու ճգնաժամը, որ ստեղծուած է Հայաստանի մէջ։ Այլապէս, իշխանութիւնները կրնան իրենք զիրենք գտնել տաս անգամ աւելի անցանկալի տագնապներու դիմաց», յայտնած է Սաֆարեան։
Այո, համաձայն ենք պարոն Սաֆարեանին, որ յառաջիկայ հարիւր օրերու ընթացքին պիտի շօշափելի ըլլան այն գործողութիւնները, որ պիտի ձեռնարկուին իշխանութիւններուն կողմէ, որպէսզի այս լաւատեսութիւնը արմատաւորուի եւ հնարաւորութիւն ստեղծէ առաւել լայնածաւալ աշխատանքային ծրագիրներու իրականացման։
Սաֆարեանի զգուշացման՝ «Այլապէս»ին ալ համաձայն ենք։ Այո, եթէ այս առիթը կորսնցնէ իշխանութիւնը, Հայաստան աւելի ծանր տագնապներ կրնայ դիմագրաւել։
Արամ Սարգսեան ժողովուրդի մէկ հատուածի եւ նախագահի միջեւ բարձրացած պատը անմիջապէս քանդելու միջոցը արտահերթ նախագահական ընտրութիւնը նկատելով հանդերձ, այդ պատը քանդելու որեւէ փորձ ողջունելի կը գտնէ։ Ատկէ առաջ, սակայն, երկխօսութիւն սկսելու համար, իշխանութիւնները բարի կամք պէտք է ցուցաբերեն եւ ազատ արձակեն կալանաւորուած ընդդիմադիր գործիչները։
Մեր ալ փափաքը այդ երկխօսութիւնը կարելի տեսնելն է եւ կը յուսանք, որ նոր նախագահը կը դրսեւորէ անհրաժեշտ կամքն ու վճռականութիւնը հիմնական բեկում մտցնելու համար իրավիճակի մէջ։
Ստեփան Դեմիրճեանն ալ «իրական քայլեր»ու սպասող է։
Հարիւր օր։
Լոս Անճելըսէն ընկերներէս մէկը, ներկայ իշխանութեան հանդէպ ոչ այնքան լաւ տրամադրուած, Հայաստանի իրեն ծանօթ շրջանակէն նոյն սպասումի մասին կը գրէ իր այստեղի ծանօթներուն։
Տանք այդ հարիւր օրը նախագահին։